«ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ» ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԻՋՆԵԼՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ԲԱՑԱՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Աւագ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կը տիրէր Յիսուսի Թաղման կարգի խորհրդաւորութեամբ համակուած մթնոլորտ մը. առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ուխտաւորներ արդէն Մայր Տաճար այցելելով ծաղիկներ ընծայած էին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի թագաղին, իսկ երեկոյեան՝ հաւաքուած Մայր Տաճարին մէջ՝ նշելու Աւագ Շաբթուան այս սրտառուչ արարողութիւնը։

 

Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետեց արարողութեան եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը։

 

Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան ամէնէն ճակատագրական պահն է Անոր խաչելութիւնը։ Այս արարքով, Իր գերեզմանին մէջ իրարու բաղխեցան բարին ու չարը, մութն ու լոյսը, եւ յաղթողը եղաւ լո՛յսը, ճշմարտութի՛ւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ ընդգծելով, որ Քրիստոսի գերեզմանը մարդկային պատմութեան մէջ յարուցեալ կեանքի նախատօնակը եղաւ։

 

Հայրապետը ապա երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Յիսուսի թաղման խորհուրդը։ Առաջին հերթին, ան խօսեցաւ Քրիստոսի գերեզման իջնելով մարդուն մեղքը Իր հետ գերեզման իջեցնելու երեւոյթին մասին։ Ապա, անդրադարձաւ մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու արարքին եւ ըսաւ, որ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ վիհ մը բացուած էր եւ հաշտութիւնը անհրաժեշտ էր, որուն համար Յիսուս դէմ յանդիման եկաւ խաչին հետ։ Եւ վերջապէս, Քրիստոս գերեզման իջնելով՝ մարդու կեանքին առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը, որուն համար եկած էր աշխարհ։

 

Նորին Սրբութիւնը այս խորհուրդը կապեց ներկայ իրականութեան եւ յայտնեց, որ դիւրին չէ մշտապէս փրկութեան ճամբուն մէջ քալել, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք մեզ դէպի մեղք տանող կենցաղով։ Ան դիտել տուաւ, որ թէկուզ Քրիստոս խաչին վրայ Իր արիւնը թափելով՝ գերեզմանեց մեր մեղքերը, մենք կը մնանք անկատար եւ մեղանչական արարածներ ու կարիքը ունինք մեր կեանքին առանցքը դարձնելու զԱստուած։ «Մենք պէտքը ունինք մօտենալու Աստուծոյ, որովհետեւ կոչուած ենք Անոր որդեգիր զաւակները դառնալու։ Քրիստոս Իր գերեզմանով եւ յաղթական յարութեամբ մեր առջեւ բացաւ փրկութեան ճամբան, որուն մէջ մնալը կ՚ենթադրէ հաւատք, նուիրում, յանձնառութին՝ այն արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն, որոնք մեզի տրուեցան Քրիստոսի ծնունդով եւ յարութեամբ» եզրափակեց Հայրապետը։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսութեան դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով՝ տարին իրենց տուները։