Աւագ Շաբաթը հաւատացեալներուս առիթ կ՚ընծայէ վերապրելու Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ծանրագոյն ժամանակահատուածը եւ աստուածաշնչական աղօթքներով լեցուն ժամերգութիւններու ընդմէջէն երկիւղածութեամբ հետեւելու Անոր հրաշափառ Յարութեան, խորհրդածելու մեր հաւատքին մասին եւ վերանորոգելու քրիստոնէական մեր ուխտը։ Այս տարի Աւագ Շաբթուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը առիթ ընծայեց մեզի, որ մեր հոգեկան գոհունակութիւնը լիցքաւորենք իւրայատուկ համերգով մը, որ կը կրէր «Քրիստոսի Վերջին Օրերը Շարականներու Ընդմէջէն» վերնագիրը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ այս համերգը տեղի ունեցաւ Աւագ Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի։
Տէրունական աղօթքէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Ան դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ երաժշտական ժառանգը հարուստ բովանդակութեան կողքին իւրայատուկ է, որովհետեւ ան կը պարունակէ աստուածաբանութիւն, աստուածաշնչական իմաստութիւն եւ սրտաբուխ աղօթասացութիւն, որոնց պարգեւած ներշնչումը առիթ կ՚ընծայէ զգալու հոգեպարար արարողութիւնը եւ հոգենորոգ զուարթութեամբ ապրելու կեանքը։
Իւրայատուկ այս համերգը ունկնդիրները հաղորդակցութեան մէջ դրաւ Աւագ Շաբթուան բոլոր դէպքերուն հետ իր ընտրած երգացանկին շնորհիւ։ Հայկական հոգեւոր երաժշտութեան եւ արուեստի բարձր որակով քալեցինք Յիսուսի ոտնահետքերով։ Առաջին հերթին, «Արմաշ»ը Մայր Տաճարին դասէն երգեց Ծաղկազարդի եւ Դռնբացէքի շարականները, ինչպէս «Որ վերօրհնես»-ը՝ Գերշ. Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի դաշնաւորումով, «Բաց մեզ Տէր» եւ «Զողորմութեան քո զդուռն» շարականները։ Ասոր յաջորդեց Ոտնլուայի շարականները, ինչպէս «Այսօր կանգնեցաւ» շարականը՝ Գերպ. Տ. Գուրգէն Եարալեանի դաշնաւորումով, «Այս խորհուրդ լցաւ», «Տէր քոյին շնորհաւ», «Ահա ազատեա», «Սիրտ իմ սասանի», «Որք որ փափաքին», «Այսօր Անճառ» եւ «Տարածեալ»՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի դաշնաւորումով։ Յիսուսի մատնութիւնն ու խաչելութիւնը ոգեկոչուեցաւ «Արթած սիրութեամբն», «Փառք ի բարձրունս», «Ո՞ւր ես մայր իմ»՝ Դրաստամաս Կիս. Տօնոյեանի դաշնաւորումով եւ Խորէն Մէյխանէճեանի դաշնաւորումով «Տէր ողորմեա»։ Վերջապէս, Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը նշեց «Արմաշ»ը Կոմիտաս Վարդապետի «Ճաշու շարական յարութեան» ու «Այսօր յարեաւ» շարականներով։
Հուսկ, հոգեպարար այս համերգին իր Հայրապետական խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը։ Որակելով համերգը իբրեւ Աւագ Շաբթուան նախատօնակ՝ ան ըսաւ, որ սովորական համերգի սահմաններէն դուրս էր ան եւ հրաւէր մըն էր ժողովուրդին՝ մասնակից դառնալու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններուն։ Ան դիտել տուաւ, որ համերգը հասանելի էր ո՛չ միայն եկեղեցւոյ մէջ գտնուող ներկաներուն, այլեւ աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ այս գծով Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը, երգչախումբի անդամներն ու Տեղեկատուական Բաժանմունքի տեսչութիւնն ու աշխատակազմը, որոնք իրականացուցին այս առիթը։
Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական կարիքները ու ընդգծեց, որ եկեղեցին այս առաքելութիւնը կը տանի թէ՛ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ թէ իր առ ցանց ներկայութեամբ, ի մասնաւորի՝ Կաթողիկոսարանի կայքէջին միջոցով. «Այսօր մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ մեր եկեղեցին քարոզչութեան, ընկերային ծառայութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Սուրբ Գրոց սերտողութեան ճամբով եւ այլ ձեւերով եկեղեցին տանի մեր ժողովուրդին։ Յաճախ կ՚ըսեմ, որ եկեղեցին շէնքը չէ՛ եւ ոչ ալ եկեղեցականն է։ Հետեւաբար, մեր Ս. Աթոռը զանազան ձեւերով՝ իր կայքէջի, միաբաններու եւ Դպրեվանքին ճամբով առաքելութեան է լծուած» ըսաւ Հայրապետը ու կոչ ուղղեց հայ ընտանիքներուն այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ մասնակից դառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսկոսութեան համազգային առաքելութեան։
Համերգը իր աւարտին հասաւ «Փառք Սուրբ Խաչիդ» շարականով։