Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:   Ահա դարձեալ հաւաքուած ենք որպէս ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մեր քրիստոնէական հաւատքը վերանորոգելու: …