21 January, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՏԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ա.Մ. Նահանգներու, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ տարբեր համալսարաններու աստուածաբանութեան ուսանողներ, որոնք Լիբանան այցելած են ծանօթանալու Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներուն: Ուսանողներուն կողքին հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցան անոնց ընկերացող դասախօսները:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումի ընթացքին Միջին Արեւելքի պատմականը կատարեց եւ անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններուն ու Միջին Արեւելքի հետ անոնց ունեցած կապուածութեան: Այս ծիրէն ներս ան շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համագոյակցութեան կարեւորութիւնը: Ապա, Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն ներկայացուց Հայ Եկեղեցին՝ դրուածքն ու աստուածաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան՝ շրջանէն ու միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
 
 
Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս լուսաբանիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած աստուածաբանական, միջ-եկեղեցական եւ պատմական զանազան հարցումներուն: