News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԽՄԲԱՎԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

20 November 2015

«Որբը Տուն Շինեց» Ֆիլիբ Զաքարեանի հեղինակած 3 հատորներուն վերնագիրը, Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2015-ին թանձրացեալ իրականութիւն դարձաւ եւ մատուցուեցաւ Լիբանանի հայ թէ օտար հանրութեան: Արդարեւ, Պէյրութի հիւղաւաններուն, որբութեան, աղքատութեան եւ տնանկութեան դառն բաժակը ցմրուր ըմպած, սակայն կեանքի բոլոր ալեկոծութեանց դիմաց անխորտակելի հայու կամքին ուժը լաւագոյնս իր մէջ արտայայտած «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին որբը՝ Վարդան Մելքոնեան, իր կեանքին ու արուեստին ճամբով ցոյց տուաւ, որ ո՛չ մէկ զօրութիւն կրնայ ընկճել հայուն կամքը:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պաալպէքի Միջազգային Փառատօնի վարչութեան համագործակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Քազինօ տը Լիպան»ի մէջ, ուր Պէյրութի Սիմֆոնիք նուագախումբը, Բրիտանիոյ Արքայական Ֆիլհարմոնիք խումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեանի ղեկավարութեամբ, իր իսկ յօրինած «Տրէյք Փէսսէճ» համանուագի առաջին ներկայացումը կատարեց: Ձեռնարկին ներկայ էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հոգեւոր Առաջնորդներ, պետական անձնաւորութիւններ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Հայաստանի, Ուրուկուէյի, Պելճիքայի ու Սլովաքիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչը:

 

Հանդիսութեան բացումը կատարեցին Պաալպէքի Միջազգային Փառատօնի նախագահ Նայլա Տը Ֆրէյժ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նախագահ Տիկ. Սեդա Խտըշեան: Ապա, խօսք առաւ Մ.Ա.Կ.-ի Մարդկային Իրաւանց Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատու Ապտէլ Սալամ Սիտ Ահմէտ: Երաժշտական երեկոն, որ նուիրուած էր հազարաւոր հայ որբուկներ խնամած եւ «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընին, ընթացաւ հայ, օտար եւ լիբանանցի երաժիշտներու դասական կտորներու ներկայացումով: Վարդան Մելքոնեան յատուկ երանգ տուաւ երեկոյին, իր որբանոցային օրերուն եւ կեանքի ոդիսականին յիշատակները մէջ ընդ մէջ պատմելով ներկաներուն։

 

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ կատարէ հանդիսութեան եզրափակումը: Նորին Սրբութիւնը «Գերազանց» բառով որակելէ ետք երեկոն ըսաւ. «Արդարեւ, երաժշտական պարզ երեկոյ մը չէր այս երեկոն, այլ, հոգեւոր եւ երաժշտական տօնախմբումն էր Մարիա Ճէյքըպսընի սրբակենցաղ կեանքին եւ նուիրական առաքելութեան՝ անոր յիշատակը մեզ համախմբեց: Յիշողութիւնը մարդկային կեանքին կարեւոր երեսներէն մէկն է: Ան մարդկային կեանքին գոյութենական իմաստ, հիմք, ուղղութիւն եւ տեսլական կը շնորհէ՝ ուժականութիւն տալով եւ ապահովելով կեանքի շարունակականութիւնը՝ մարդ չի կրնար ըմբռնել մարդկային կեանքը առանց յիշողութեան: Յիշողութիւնը մեզ ուժ կու տայ սիրով եւ երախտագիտութեամբ նայելու դէպի ետ: Յիշողութիւնը նաեւ մեզի հոգեկան զօրութիւն կու տայ սեւեռելու մեր հայեացքը դէպի ապագան՝ հաւատքով ու յոյսով»: Ան խօսելով Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութեան մասին հաստատեց, թէ «Մարիա Ճէյքըպսըն հայ ժողովուրդին համար պարզ ընկերային ծառայութեան տիպար մը չէ, ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է մեր արդի պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային հանգրուանին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք: Արդարեւ, մեր երեւակայութենէն անդին է ցեղասպանուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ որբերուն եւ աղքատներուն մատուցած անոր ծառայութիւնը: Մարիա Ճէյքըպսըն գործօն ծառայութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի վերապրումին եւ վերածնունդին մէջ: Նուիրական առաքելութեամբ ինքզինք նոյնացնելով «Թռչնոց Բոյն»ի հազարաւոր որբերուն հետ, անոնց կողմէ արդարացիօրէն կոչուած է «Մամա»: Հայ որբերը անոր տուած են կեանքի արժանաւորագոյն պատուանունը՝ մայրութեան տիտղոսը եւ այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող որբերը սիրով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց «Մամա»ն»:

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանին ու անոր հիւրասէր ժողովուրդին նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար հանդիսացաւ վերածնունդի խորհրդանիշ:

 

Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ «Մամա»ն յատուկ դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Վարդան Մելքոնեանի կեանքին, ստեղծագործութիւններուն եւ ներաշխարհին մէջ: Վարդան այսօր գնահատելիօրէն կը շարունակէ «Մամա»յին նուիրական առաքելութիւնը: Ան ո՛չ միայն սատար կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող «Թռչնոց Բոյնի»ն, այլ նաեւ հետամուտ է լքուած երեխաներու արդարութեան եւ իրաւունքի ձայնը բարձրացնելու: Առ ի գնահատանք Մելքոնեանի մարդասիրական եւ հայասիրական գործունէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց զինք:

 

Հանդիսութեան աւարտին, «Թռչնոց Բոյն»էն խումբ մը աշակերտներ, երախտագիտութեան զգացումի իբր շօշափելի արտայայտութիւն, ծաղկեբունջեր ներկայացուցին աշխարհահռչակ խմբավարին: Նշենք, որ ելոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Թռչնոց Բոյն»ին եւ Լքեալ Երեխաներու Մելքոնեան ֆոնտին: