ՅԱՆՈՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՋԱՒԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՄԱԿ-ի ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-26 նոյեմբեր 2014-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած եօթներորդ ժողովը` մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն պատուիրակութիւններուն, միջազգային, ոչ կառավարական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ժողովը քննարկեց փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կատարուած դաժանութեան ու բռնութեան, յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ անոնց գործադրութեան կասեցման, ինչպէս նաեւ տագնապներէն ետք երկարատեւ խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն ստեղծելու ձեւերը: Ժողովի աւարտին…