Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի նորանշանակ դեսպան Մարիա Վըրճինիան։

 

Նկատի ունենալով, որ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնն է Կաթողիկոսարան, Հայրապետը համապարփակ կերպով պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։

 

Հանդիպման քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական կացութեան, շուտափոյթ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան, համայնքներու միջեւ համախոհութեան եւ քրիսոտոնեայ-իսլամ առաւել երկխօսութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին ու անոր կարեւոր դերակատարութեան։