Այս տարի անգամ մը եւս հրճուանքով եւ ցնծութեամբ կը պատրաստուինք մեծարելու, տօնախմբելու եւ նշելու Աստուծոյ սիրած աղախինին եւ համայն քրիստոնեայ մայրերուն սիրող մօր՝ Ս․ Աստուածածնի տօնը։
Այսօր, Օգոստոսի առաջին կիսուն մէջ կը գտնուինք, առիթն է եւ յարմար պահն է մտածելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մեր կեանքը շաղախել Ս․ Կոյս Աստուածածնի կեանքին հետ։
Այսօր պահն է զգալու եւ ապրելու Անարատ Մօր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս։
Վերջապէս, այսօր ժամն է մեր միտքն ու հոգին ազատելու ամէն տեսակի աշխարհիկ եւ սին ըսի ըսաւներէ եւ բամբասանքներէ, հեռանալու այդ բոլորէն ու միանալու մաքուր, անմեղ, անարատ ու Սուրբ Տիրուհիին։
Հայ եկեղեցւոյ արարողութիւններէն, առաւօտեան արարողութեան մէկ բաժնին մէջ շարականներուն ընդմէջէն ամբողջութեամբ կը գովերգեն եւ կը ներբողեն իր օրինակելի եւ նուիրուած պատկերով զաւկին՝ Յիսուս Քրիստոսին։
Ս․ Կոյս Աստուածածնի կեանքին մասին մտածելով՝ փորձենք աւելի մօտէն ճանչնալ անոր կեանքը եւ տեսնել ու յատկապէս սորվիլ անոր վեհ նկարագրէն։ Երբ լաւապէս սերտենք Աստուածաշունչը, շարականները եւ Ս․ հայրերու գրականութիւնը, անոնց ընդմէջէն փորձենք դիտել Սրբուհիին կեանքը, մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն հետեւեալները՝ խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն։
Պահ մը քննենք մեր անձերը եւ մտածենք նախ որպէս քրիստոնեաներ եւ ապա՝ որպէս մայրեր, արդեօք ճիշտ եւ ուղիղ դաստիարակութիւնը կը ջամբե՞նք մեր զաւակներուն եւ անոնց հոգիին մէջ՝ իրենց փոքր տարիքէն, եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ կատարեալ հնազանդութեան սերմերը կը յաջողի՞նք ցանել թէ՝ ո՛չ. մտածե՝նք․․․։
Աւետարանին մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի եւ Իր մօր միջեւ եղած խօսակցութիւնը, Կանայի հարսանիքի ընթացքին։ Քրիստոս իր առաջին հրաշքն էր, որ պիտի կատարէր՝ ջուրը գինիի դարձնելով։ Քրիստոսի մայրը կ՚ըսէ իր զաւկին, թէ անոնց գինին սպառած է, իսկ Քրիստոս կը պատասխանէ՝ «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս․ իմ ժամանակս դեռ հասած չէ» (Յհ. 2․4)։ Մարիամ Աստուածածին իր զաւկին վրայ կատարեալ վստահութիւն ունենալով, կը պատուիրէ՝ ըսելով «ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք» (Յհ. 2․5)։ Այդպիսով Քրիստոսի մայրը ո՛չ մէկ աւելորդ արտայայտութեամբ հանդէս կու գայ։
Սոյն երկխօսութիւնը, որ մօր ու զաւկի միջեւ եղած երկխօսութիւն մըն է, մեզի կը մատնանշէ հետեւեալ երկու իրականութիւնները․
ա) Մարիամ Աստուածածին, որպէս մայր, իր մայրութիւնը լաւապէս կատարած էր, այդ իսկ պատճառաւ անոր հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունէր։ Այո՛, Քրիստոս Մեսիան էր, փրկիչն էր, սակայն Մարիամ Աստուածածին ի՛նք եւս, որպէս մայր, ըսելիք կրնար ունենալ իր զաւկին, այլ խօսքով՝ կրնար բարեխօսել եւ անմիջապէս այդ անորոշ կացութեան վերջ տալ առանց յարմար ժամը սպասելով։
բ) Աստուածածնայ հնազանդութիւնը կ՚արտացոլայ այս հատուածին ընդմէջէն, երբ Քրիստոս կը պատասխանէ «Ո՜վ կին ․․․ իմ ժամանակս դեռ հասած չէ», Ս. Կոյս Մարիամ կը հնազանդի եւ կը վստահի իր զաւկին։ Ի մտի ունենալով Յիսուս Քրիստոսի Աստուածորդի ըլլալը՝ անշուշտ, որ ան պիտի կատարէր այն, ինչ որ բարի էր։ Հետեւաբար Մարիամ Աստուածածին Աստուծոյ փառքը կը գովաբանէ եւ հասկնալով իր զաւկին Աստուածորդի ըլլալը՝ կը հնազանդի Անոր եւ, ըստ Աւետարանիչներուն, այդ նիւթը անգամ մը եւս չի խօսիր։
Եկէ՛ք, մեր ապաւէնն ու պաշտպանը Մարիամ Աստուածածինը ունենանք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, չմոռնա՛նք քաղցր տիրուհին եւ մեր սէրը յարատեւ յայտնենք իրեն՝ միեւնոյն ատեն խնդրենք արագահաս բարեխօսութիւնը Ս․ Աստուածածնին՝ այնպէս, ինչպէս բարեխօսեց հարսանիքի ներկայ գտնուող հրաւիրեալներուն, թէ անոնք ձեւով մը նեղութեան մէջ են։ Մեզի համար ալ բարեխօսէ, որպէսզի Միածին որդին փրկէ մեզ մեր դժուարութիւններէն, առաջնորդելով մեզ հոն, ուր խաղաղութիւնն ու ցնծութիւնը առկայ են։
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՎՐԴ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ