Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, ուր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Ալեն Պալեան ներկայացուց «Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը՝ ներկայ վերիվայրումներու լոյսին տակ» նիւթը։ Զրոյցին ներկայ էին ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Լեւոն աբղ. Եղիայեանի եւ ՀՀՀ-ականներ եւ ՀՀՀ-ի բարեկամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեան։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը եւ նշեց, որ ՀՀՀ-ի ամսական հանդիպումներուն ծիրին մէջ հաւաքներ կը կազմակերպեն արծարծելու համար հայութիւնը յուզող հարցեր։ Ապա բեմ բարձրացաւ Սիլվա Գարավարդանեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօսը: Ան ըսաւ, որ Ալեն Պալեան եղած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչ, ընտրուած է ազգային երեսփոխան, ինչպէս նաեւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ տնտեսական թէ ելեւմտական միջազգային ընկերութիւններու մէջ։ Ներկայիս ան պատասխանատու պաշտօն կը վարէ «Սիտեր Բիք Հոլտինկ» ընկերութեան մէջ։
Ալեն Պալեան սահիկներու միջոցաւ ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը, պետական ամավարկի-պիտճէի բացը, անոր պատճառները եւ բարփոխման կարելիութիւնները: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ կայացած այս դասախօսութիւն-զրոյցի ընթացքին Պալեան սահիկներու միջոցաւ յատուկ նկարներով եւ ցուցատախտակներով անդրադարձաւ պետական պիտճէի բացի ելեւէջին ու անոր անդրադարձներուն՝ երկրի տնտեսական ու ելեւմտական իրավիճակին վրայ: Պատմական յետադարձ ակնարկով, Պալեան նշեց Լիբանանի նախկին նախագահներէն՝ զօրավար Ֆուատ Շեհապի ներդրումը երկրի ենթակառոյցի ծրագրաւորման ու դասաւորման գծով, յատուկ մասնագէտներու օժանդակութեամբ: Զրոյցի ընթացքին Ալեն Պալեան մերթ ընդ մերթ պատասխանեց ներկաներու լուսաբանական հարցումներուն, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացան երկրին մէջ տիրող ելեւմտական համակարգին, փտածութեան, տնտեսական աճի կարելիութիւններուն, լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման անցեալի թէ ներկայի փորձերուն եւ անոնց անդրադարձին երկրի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակին վրայ: Պալեան շեշտեց, որ ներկայիս բարեփոխման թէ փտածութեան վերացման գծով առնուող քայլերը դրական ու ողջունելի են, սակայն բաւարար չեն: «Անհրաժեշտ է յստակացնել Լիբանանի տնտեսութեան բարեփոխման յատուկ մտապատկեր մը եւ ճշդել Լիբանանի տնտեսական դերակատարութիւնը շրջանին մէջ», եզրափակեց Ալեն Պալեան:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Լեւոն աբղ. Եղիայեան։ Ան բարձր գնահատեց ՀՀՀ-ի այս նախաձեռնութիւնն ու Պալեանի ներայացումը, ուր խիստ շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ներկաներուն: «Այս դասախօսութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ լա՛ւ կերպով տնտեսենք մեր կեանքը», ըսաւ ան:
Աւարտին մատուցուեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն: