Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ: