Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

Վենեզուելլայէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելլայի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանին հետ։ Հայր սուրբը Նորին Սրբութեան լայն բացատրութիւններ տուաւ երկրի իրավիճակին մասին։ Բարեբախտաբար, հայ համայնքը անմիջականօրէն աղերս չունի տեղի ունեցող ցոյցերուն հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ապահով վիճակի մէջ են. ոմանք իրենց տուները կը մնան, իսկ ուրիշներ՝ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայր սուրբը վստահեցուց Հայրապետին, թէ ան մնայուն կապի մէջ է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ։

 

Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրական օրհնութիւններն ու ողջոյնները մեր ընտանիքներուն եւ թելադրեց հայր սուրբին եւ պատասխանատու մարմիններուն, որ մնայուն շփումի մէջ ըլլան Կաթողիկոսարանին հետ։ Ան նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն՝ որեւէ ժամանակ եւ որեւէ պարագայի մէջ։