21 Նոյեմբերի, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին  

17) Սխա՞լ է աղօթել մեր գործերուն յաջողութեան համար:

 

ա) Աստուած ի´նքն է տէրն ու հայթայթիչը բոլոր գործերուն: Ուստի, այո´, կրնանք աղօթել մեր գործերուն յաջողութեան համար: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ աղօթել մեր գործերուն յաջողութեան համար: Արդեօք կը նշանակէ անգործ տո՞ւնը նստիլ, եւ սպասել որ Աստուած ի՞նք կատարէ մեր գործերը` մեր փոխարէն: Իրենց գործերուն յաջողութեան համար կրնան աղօթել միայն անոնք` որոնք գործի´ մարդիկ են, աշխատո´ղ մարդիկ են: Աստուած աշխատողին քրտինքն է որ կ’օրհնէ, բայց երբ քրտինք չկայ` Աստուած ի՞նչը պիտի օրհնէ:

բ) Կան անգիտակից ու անչափահաս հաւատացեալներ, որոնք սակայն իրենք զիրենք ամենէն գիտակից ու ամենէն չափահաս հաւատացեալները կը սեպեն, եւ որոնք համոզուած են ու միաժամանակ կ’ուսուցանեն, թէ Աստուած ի´նքն է որ կը կատարէ մեր գործերը, կը բաւէ որ մենք աղօթքով մեր գործերը վստահինք ու յանձնենք իրեն: Եւ սակայն, ճշմարտութիւնը ճիշդ հակառակն է: Աստուած ի´նքն է որ իր գործը կը վստահի մեզի եւ կը սպասէ որ կատարենք, եւ ո´չ թէ մենք, մեր գործերը կը յանձնենք իրեն եւ կը սպասենք որ զանոնք կատարէ: Մենք մեր գործը չէ որ կը վստահինք ու կը յանձնենք Աստուծոյ, այլ` մեր գործին յաջողութիւնը: Մեր գործերը Աստուծոյ յանձնելը որպէսզի զանոնք կատարէ ուրիշ բան է, եւ Աստուծոյ վստահիլը մեր գործերու կատարման ժամանակ` ուրիշ բան: Հետեւաբար, կրնանք աղօթքով խնդրել Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր գործերուն համար, բայց չենք կրնար խնդրել իրմէ որ ի´նք կատարէ մեր գործերը:

գ) Այս եւս ըսեմ, թէ կան շատ հաւատացեալներ, որոնք կ’որոշեն ու կը ճշդեն իրենց ընելիք գործերը, եւ ապա կը խնդրեն Աստուծմէ որ օգնէ իրենց կատարելու զանոնք: Եւ սակայն, ճիշդ հակառակը պէտք է ըլլայ: Աստուած ի´նք պէտք է որոշէ ու ճշդէ մեր ընելիք գործերը եւ մենք ըլլանք զանոնք կատարողները, եւ ո´չ թէ մենք որոշենք ու ճշդենք մեր գործերը եւ Աստուած ի´նք ըլլայ զանոնք կատարողը: Ոմանք կ’որոշեն իրենց ընելիք գործը եւ ապա Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը խնդրեն իրենց գործին համար, եւ ոմանք ալ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը խնդրեն իրենց ընելիք գործը որոշելու համար: Ճիշդ ձեւը երկրորդն է: Աստուած ի´նք պէտք է որոշէ մեր ընելիք գործը եւ մենք զայն կատարենք իր առաջնորդութեամբ, եւ ո´չ թէ մենք որոշենք մեր ընելիք գործը եւ ապա Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրենք զայն կատարելու համար:

 

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

 

More News