Հայրապետագան Գիր Օրհնութեան ՙՄէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ՚ Համահայկական Մշակութային Բ. Փառատօնին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք «Մէկ ազգ, Մէկ մշակոյթ» կարգախօսով տեղի ունեցող համահայկական մշակութային այս երկրորդ փառատօնը։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք յղացան, ծրագրեցին ու կեանքի վերածեցին մշակութային այս փառատօնը։ Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, հայրենիքէն, Ղարաբաղէն թէ…