3 February, 2014

«ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ, ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԵՒ ԵՐԱՇԽԻՔԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՔԻՆ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ Է» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով Շաբաթ 1 Փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող համալիր այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան անդամներու, պետական հայ նախարարներու, երեսփոխաններու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, քահանայ հայրերու եւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:H27A6717

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան խօսք առնելով հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն եւ սերունդէ-սերունդ մեր ժողովուրդը հայ դպրոցով ինքզինք վերանորոգեց սփիւռքի մէջ, անիկա հայ դպրոցով զօրացաւ եւ ինքզինք հարազատ ինքնութեան մէջ պահեց: «Ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմը իր հաւատացեալ ժողովուրդով կը ձեռնարկէ աշխատանքի մը` քաջ գիտնալով, որ մեր այս աշխատանքին ընդմէջէն հայ վարժարանը պիտի յաջողի ինքզինք վերանորոգել իր առաքելութեան մէջ` ի սպաս մեր ժողովուրդին», շեշտեց սրբազան հայրը:

 

H27A6756

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով հոգեկան անհուն գոհունակութիւն արտայայտեց այն գօտեպնդիչ եւ գեղեցիկ երեւոյթին համար, որ առաջնորդ սրբազան, Ազգային իշխանութիւն, թեմին մէջ գործող կառոյցներ եւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները միասնաբար լծուած են այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին իրագործման: «Գաղութի մը կենսունակութեան աղբիւրը, գոյատեւման առանցքը եւ երաշխիքը եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցն է», շեշտեց Վեհափառ Վայրապետը` աւելցնելով, որ “մեր ժողովուրդի գոյութեան ամրացման, մեր ազգի ինքնութեան պահպանման աղբիւրը դարձան եկեղեցին ու դպրոցը:” Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ “սովորական դպրոց մը չէ կառուցուելիքը, այլ` անիկա լիբանանահայութեան կրթական կեանքին մէջ ինքնուրոյն դիմագիծ եւ առաքելութիւն ունեցող դպրոց մը պիտի դառնայ:” Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հաստատեց, որ ծրագիրը հետապնդողը, քաջալերողը եւ գործնապէս մասնակցողը եղաւ բարերար Հրայր Սարգիսեան` իր կողքին ունենալով իր եղբայրը` Սուրէն Սարգիսեան: «Անոնք այս ծրագիրին կնքահայրը պիտի ըլլան, սակայն Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակները միայն դիտողի դերին մէջ պիտի չըլլան, այլեւ` մասնակցողի», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ կոչ ուղղեց բոլորին իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ծրագիրին իրագործման, որ պէտք է իր աւարտին հասնի 2015 թուականին:

Վեհափառ հայրապետը նկատել տուաւ, որ 2015 թուականը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ պէտք է գործնապէս մասնակցիլ այս ծրագիրի իրագործման, որպէսզի թուրք ժողովուրդին ցոյց տանք, թէ հայութիւնը կայ եւ տակաւին շինարար ազգ է: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակելով կոչ ուղղեց համախմբուելու առաջնորդ սրբազանին շուրջ, որ կը ղեկավարէ այս աշխատանքը։ «Վայ լիբանանահայութեան, եթէ 2015 թուականին այս ծրագիրը չիրագործենք: Եթէ նեղ կացութեան մատնուիք, կրնաք դիմել ինծի ու բարերարին … Վստահ եղէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեր կողքին է», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

 

H27A6777

Այնուհետեւ համալիրի պատասխանատու ճարտարապետ Մկրտիչ Եափուճեան բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ հօր եւ ներկաներուն` համալիրի շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին մասին: