2 March, 2019

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Բուն Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին, Ազգային Միացեալ Վարժարանի նախակրթարան բաժնէն խումբ մը աշակերտներ, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին, հայկական տիպի ձեռային աշխատանքներով ու տարազներով ներկայացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Վեհարանի դահլիճին մէջ անոնք Նորին Սրբութեան հրամցուցին Բարեկենդանի յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ իրենց հետ բերած  հայկական չէօրէկը։

 

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ընդունեց հայկական կրօնական ու մշակութային աւանդութիւնները կենդանի պահող վարժարանի աշակերտութիւնը, անոնց հետ զրուցեց տօնի խորհուրդին մասին ու բարձր գնահատելէ ետք այս նախաձեռնութիւնը եւ տնօրէնութեան աշխատանքը այս առնչութեամբ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։