News

ՏԷ´Ր, ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ

09 June 2015

Քրիստոս «դժուարամարս» պատգամ մը ներկայացուց եւ շատեր իր հետեւորդներէն հեռացան իրմէ: Ան տեսնելով որ շատեր հեռացան իրմէ, դարձաւ իր 12 աշակերտներուն եւ հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Պետրոս տուաւ իր հոգելիր պատասխանը. «Տէ´ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո´ւն ունիս» (Յհ 6.68):

Քրիստոսի հետեւորդները իրենք զիրենք դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտան, եւ այժմ պահն էր որոշելու, կա´մ հեռանալ Քրիստոսէ եւ կա´մ յարիլ դէպի իրեն: Դժուարին պահերու ընթացքին է որ մեր ճշմարիտ հաւատքն ու նկարագիրը կը յայտնաբերուի: Անուանապէս քրիստոնեայ եղող մարդը աւազի նման կը փշրուի փորձութեան դիմաց: Երբ փորձութեան հանդիպինք՝ յիշենք Քրիստոսի խօսքը մեզի ուղղուած. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Սիրելի´ ընթերցող, քու պատասխանդ Պետրոս առաքեալի պատասխանէն տարբեր պէտք չէ ըլլայ. «Տէ´ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո´ւն ունիս»:

Առաքեալը յստակօրէն կ’ըսէ որ Քրիստոսէ հեռացողը՝ յաւիտենական կեանքէն է որ հեռացած կ’ըլլայ: Առանց «Ես եմ կեանքը» յայտարարողին՝ չկա´յ կեանք: Ինչպէս երբ վարդը բաժնուի իր ճիւղէն կը թոշնի եւ ամէն անուշահոտութիւն կը կորսնցնէ, այնպէս ալ Քրիստոսէ բաժնուող մարդը՝ կը դառնայ բնակարան մեղքի գարշահոտութեան:

«Որո՞ւն պիտի երթանք»: Իսկապէս ալ աշակերտները որո՞ւն կրնային երթալ: Փարիսեցիներուն ու Սադուկեցիներո՞ւն, որոնց ուսուցումները ո´չ ոքի հոգեւոր գոհացում կրնային տալ: Օրէնքի ուսուցիչներո՞ւն, որոնց բացատրութիւնները Մովսիսական օրէնքներու վերաբերեալ կամայական էին եւ կեանքէ պարպուած: Քահանաներո՞ւն, որոնք ինքնահովուութենէ եւ ինքնարածութենէ զատ ուրիշ բան չէին ըներ: Որո՞ւն կրնային երթալ եթէ ոչ Քրիստոսի որ երկինքը ձգելով իրենց եկաւ: Լքել զՔրիստոս՝ պիտի նշանակէր փակել մեր սիրտերուն դուռը Աստուծոյ շնորհքին առջեւ: Հեռանալ Քրիստոսէ՝ պիտի նշանակէր յաւիտենական կեանքի փոխարէն դառնալ ժառանգորդը յաւիտենական դժոխքին:

Սիրելի´ բարեկամ, ըսէ´ ինծի, եթէ փնտռածդ ներում ու քաւութիւն է, խաղաղութիւն ու ազատութիւն է, Քրիստոսէ զատ որո՞ւն կրնաս երթալ: Քրիստոս ի´նքն է ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեանց բաշխիչը: Ի´նքն է ճշմարիտ եւ անանց յաջողութեան պարգեւիչը: Մի´ երթար Քրիստոսի միայն երբ հարց մը կամ հարցում մը ունիս: Քրիստոս լոկ պատասխան հայթայթող մը չէ, այլ՝ պատասխանն իսկ: Այո´, Քրիստո´ս է պատասխանը մեր հոգիներու ծարաւին, Քրիստո´ս է պատասխանը մեր սիրտերու պահանջքին, Քրիստո´ս է պատասխանը մեր մրրկայոյզ միտքերուն:

«Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Զգո´յշ ըլլանք թէ ի´նչ պատասխան կու տանք այս հարցումին: Մեր տալիք պատասխանով պայմանաւորուած է մեր ամբողջ յաւիտենականութիւնը:

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան