News

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

02 June 2015

«Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մտ 18.1-3):

Ո՜վ մեծ մարդիկ, մեծադիրք ու մեծապաշտօն մարդիկ, մեծնալ սիրող ու մեծութեան ցանկացող մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս փոքր ու փոքրութիւնը սիրող չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արքայութիւնը փոքրիկներուն տեղն է: Մեծամոլ մարդուն համար դժուար է մեծարել զԱստուած: Մեծ կոչուիլ ուզող մը՝ Աստուծոյ մեծութիւնը մերժող մըն է:

Ո՜վ հպարտ մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս հեզ ու խոնարհ չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արքայութեան մէջ ո´չ հպարտներ եւ ո´չ ալ հպարտութիւն պիտի ըլլայ: Հե´զ է մեր Արքան: Անոր արքայութիւնն ալ հեզերուն համար է միայն:

Ո՜վ մեղքի մէջ թաւալող ու մեղքի կեանքը սիրող մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս անմեղ ու պարզունակ չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Մեղքի կեանքը սիրողները ո´չ միայն արքայութիւն պիտի չմտնեն, այլեւ՝ մտնել անգամ պիտի չուզեն:

Ո՜վ փառասէր մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս համեստ ու անփառասէր չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Մանուկներուն մօտ փառասիրութիւն բնաւ չկայ: Ո՞վ հանդիպած է 4-5 տարեկան մանուկի մը որ ուրիշներէն փառք կ’ակնկալէ: Փառասէր մարդը չի´ կրնար Աստուծոյ փառք բերող կեանք մը ապրիլ:

Ո՜վ բռնակալ մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս բռնութիւնը ատող չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արքան բռնակալ չէ եւ ո´չ ալ արքայութիւնը՝ բռնակալութիւն: «Ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է» (Բ.Կր 3.17): Եթէ բռնակալ մարդ ես՝ լաւ գիտցիր որ չունիս Աստուծոյ Սուրբ Հոգին:

Ո՜վ մարդիկ որ չէք վստահիր Աստուծոյ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Մանուկին ամէնէն աչքառու յատկութիւնը իր ցուցաբերած բացարձակ վստահութիւնն ու հաւատքն է հանդէպ իր ծնողքին: Չկա´յ մանուկ մը որ կասկածամտութեամբ եւ անվստահութեամբ մօտենայ իր ծնողքին եւ անոր խոստումներուն: Մայր մը ինչ որ ըսէ՝ իր մանկիկը կուրօրէն կը հաւատայ: Աստուած կ’ուզէ որ մենք այդպիսին ըլլանք: Ան կ’ուզէ որ հաւատանք իր խօսքերուն ու խոստումներուն կո´ւրօրէն, այո´, կո´ւրօրէն:

Ո՜վ ականջ ունեցող բայց Քրիստոսի կոչերուն չընդառաջող մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մօրը ձայնին ընդառաջող մանուկին պէս չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: «Յիսուս մանուկ մը կանչեց» (Մտ 18.2) եւ մանուկը իսկոյն ընդառաջեց Յիսուսի կոչին: Յիսուս կ’ուզէ որ մանուկի մը նման վստահինք իրեն եւ ընդառաջենք իր հրաւէրին. «Ինծի´ եկէք դուք բոլորդ» (Մտ 11.28):

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան