30 April, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին .

Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը

Քանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած էին Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու մամլոյ կարեւոր օրկանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տրդատ Մանկիկեան, Ժընեւի համալսարանի դասախօս եւ դատի յանձնախումբի աշխատանքը համադրող Թենի Սիմոնեան, Մեքկիլ համալսարանի Միջազգային օրէնքի դասախօս եւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի մօտ փաստաբան, դոկտ. Ախաւան Բայյամ, Մարդկային իրաւանց եւ կալուածային հարցերու փաստաբան դոկտ. Ճեմ Սոֆուօղլու, եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան:

Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով` Օշական արք. Չօլոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին անունով ողջունեց ներկաները եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահանջքը: Ապա խօսք առաւ Արամ Համբարեան եւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին տուած որոշումին` Թուրքիոյ բռնագրաւած եկեղեցիներու գծով, եւ այդ ծիրին մէջ կարեւոր նկատեց Անթիլիասի կաթողիկոսութեան առած ներկայի իրաւական  քայլը:
Թենի Սիմոնեան անդրադարձաւ անցնող շուրջ երեք տարիներուն վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած իրաւական յանձնախումբին  կատարած աշխատանքին: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սօֆուօղլու ու դոկտ. Ախաւան Բայյամ, որոնք լայնօրէն պարզեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած իրաւական քայլին կրօնական, իրաւական ու քաղաքական երեսները: Ապա անոնք պատասխանեցին ներկայ թղթակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին բանբեր Եղիսաբէթ Չուլճեան յայտնեց, թէ կաթողիկոսարանին յարուցած դատին արդէն իսկ անդրադարձած է աշխարհահռչակ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` աւելցնելով, որ հետագային եւս աւելի ընդարձակ յօդուածով թերթը այս մասին երկրորդ հրապարակում պիտի կատարէ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են համաշխարհային լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին`«Ռոյթըրզ», ինչպէս նաեւ թրքական եւ հայկական մամլոյ ներկայացուցիչներ: Գրասենեակին կողմէ աշխատանքը կը շարունակուի` ամերիկեան կարեւորագոյն լրատուամիջոցները այս հարցին մասին իրազեկելու նպատակով:

Յայտնենք, որ ամերիկեան մամլոյ շրջանակներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն սկսած է այս ուղղութեամբ: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողքին այլ մամլոյ օրկաններ կապ հաստատած են կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ եւ առաջարկած են առանձին հարցազրոյցներ ունենալ փաստաբաններուն հետ:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան լծուած կառոյցներու ներկայացուցիչները: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ տրուած տեղեկութեան համաձայն, յառաջիկային նոյն հարցին վերաբերող մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Ժընեւի, Փարիզի, հաւանաբար Պոլսոյ և այլ շրջաններու մէջ: