Գանատայի Հայոց Թեմ

1958 թուականին, հիմքը դրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային թեմին: Եկեղեցիներու թիւը աւելի սեղմ ըլլալով, թեմը իր մէջ կը ներառէր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի բոլոր եկեղեցիները: Տարիներու ընթացքին, եկեղեցիներու թիւի բարձրացումով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու թեմը բաժնուեցաւ երկուքի ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան:

Տարիները սահեցան, նոր շրջաններու մէջ նոր եկեղեցիներ կառուցուեցան, եւ 2002 թուականին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմը անգամ մը եւս բաժնուեցաւ երկուքի եւ հիմնուեցաւ Գանատայի հայոց թեմը: Նոյն շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Գանատայի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց՝ Տ. Խաժակ Եպս. Յակոբեանը, որ 2004 թուականին ընտրուեցաւ իբրեւ առաջնորդ:

11 Մայիս 2006-ին, Սէյնթ Գաթրինզի մէջ, թեմին Ազգային երեսփոխանական ժողովի կողմէ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ, իսկ 8 Մայիս 2010-ին, Թորոնթոյի մէջ, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի կողմէ՝ երրորդ անգամ ըլլալով։

10 Մայիս 2014-ին, Խաժակ Արք.-ը հանգստեան կոչուեցաւ: Նոյն շրջանին, Ազգային Երեսփոխանական 56/13-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ եւ առաջնորդ ընտրեց՝ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը:

2016-ին, Գանատայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը առաջնորդ ընտրեց Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը, որ թեմը կ՚առաջնորդէ մինչեւ օրս։

Հետեւեալ Եկեղեցիները կը գտնուին Գանատայի հայոց թեմի հովանիին ներգոյ.

  1. Սուրբ Յակոբ Առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցի, Մոնթրէալ
  2. Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Թորոնթօ
  3. Սուրբ Նշան եկեղեցի, Գէմպրիճ
  4. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Վանգուվըր
  5. Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Լաւալ
  6. Սուրբ Պօղոս եկեղեցի, Սէյնթ Գաթրինզ
  7. Սուրբ Վարդան եկեղեցի, Ուինիփեկ
  8. Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, Ուինզըր

 

Կայք՝ www.armenianprelacy.ca