23 December, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՕՐԴ. ԱՆԱՀԻՏ ԹԷՕՔՄԷՃԵԱՆԸ

Առնուած՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան կայքէջէն

 

Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Գամիշլիի մէջ պարգեւատրեց Օրդ. Անահիտ Թէօքմէճեանը, իր երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութեան համար, Գամիշլիի փոխանորդարանի դահլիճէն ներս:

 

Շքանշանի տուչութեան Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, շրջանի ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, Գամիշլիի թաղական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու տնօրէնները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի զաւակներ։

 

Օրդ. Անահիտ Թէօքմէճեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է Գամիշլիի կրթական, միութենական եւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Ազգային Վարժարանէն ներս 22 տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է, որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի, ապա, 1988-2001 եղած է Ազգ. Միացեալ Վարժարանի տեսուչ: Չորս տարիներ շարունակ կազմակերպած է 9-րդ կարգի շրջանաւարտներու հանդէսները: Երկար տարիներ իրագործած է բազմաթիւ դպրոցական ծրագիրներ՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Ապրիլ 24-ին եւ Մայիս 28-ին: Երկար տարիներ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսներու երգչախումբի խմբավարութիւնը կատարած է: Հայերէն լեզուին մէջ տկար եղող նախակրթարանի աշակերտներուն համար սիրայօժար կերպով դասընթացք կազմակերպած է: Երկու տարիներ շարունակ հայերէն լեզուի դասընթացքներու ձեռնարկած է Ճինիշեան շէնքի բնակիչներուն, որոնք հայերէն լեզուին կարիքը ունէին:

 

Կեդրոնական ձեռնարկներուն (Ապրիլ 24 եւ Մայիս 28), երիտասարդներու երկձայն երգչախումբին խմբավարութիւնը կատարած է: 2004-2019 մաս կազմած է Ազգ. Դպրոցներու Հոգաբարձութեան, որպէս ատենադպրուհի, ապա որպէս անդամ շարունակած է իր ծառայութիւնը մինչեւ օրս: 2019-էն մինչեւ օրս Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց յանձնախումբին անդամ է: Արժանացած է շարք մը գնահատագրերու՝ հանգուցեալ տնօրէն Իսրայէլ Մելքոնեանի եւ ատենապետ Արտաշ Մելքոնեանի կողմէ, Ճեզիրէի նախկին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Եպս. Օհանեանի կողմէ, պետութեան կողմէ՝ Նախագահի վերընտրութեան առիթով իր կազմակերպած երգչախումբին համար եւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:

2006-2020 եղած է Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ։ 2017-2020 եղած է ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդի անդամ:

 

Արդարեւ, դահլիճէն ներս, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի կողմէ ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Օրդ. Անահիտ Թէօքմէճեանին:

 

Շքանշանակիրը, յուզումնախառն զգացումներով իր սրտի խօսքը արտասանեց այս առիթով։ Ան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ մեծարանքի այս արտայայտութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական սիրոյն եւ հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ թաղական խորհուրդին իրենց գեղեցիկ մտայղացումին համար։

 

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով, շնորհաւորեց շքանշանակիրը եւ յայտնեց, թէ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ Գամիշլիի Թաղական Խորհուրդին խնդրանքին ընդառաջելով, դիմում կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին, որուն տնօրինումով եւ մեր ձեռամբ երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւն ունեցող օրդ. Անահիտ Թէօքմէճեանը արժանացաւ շքանշանին:

Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ հայ դպրոցին ի նպաստ իր մատուցած երկար տարիներու ծառայութեան, ինչպէս նաեւ իր մատուցած միութենական եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան, մաղթելով, որ իր ծառայութիւնը օրինակ հանդիսանայ նոր սերունդներուն: