22 December, 2023

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, տօնական օրերու հայրական այցելութիւներու շարքին, կ՚այցելէ նաեւ «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն եւ տօնակից կը դառնայ անոնց մանկական խնդութեանց։ Առ այդ, Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբաններու, Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի թռչնիկներուն կողմէն սիրալիր ընդունելութիւն ստացաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուց՝ շրջապատուած տօնական մթնոլորտով։

 

Մտերմիկ հանդիպման պահուն, փոքրիկները Նորին Սրբութեան հրամցուցին ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան երգեր ու արտասանութիւններ։ Թռչնիկներուն ցնծութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ Վեհափառ Հայրապետէն ստացան նոր տարուան իրենց նուէրները։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն եւ գնահատեց հոն տարուող աշխատանքները։ Ան նաեւ գնահատեց պատասխանատու հայր սուրբերը՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեանը, տիկնանց յանձնախումբը, պաշտօնէութիւնը եւ «Թռչնոց Բոյն»ի բարերարները, նուիրատուները ու բարեկամները։