29 July, 2021

TURNING TO GOD — «ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, շուրջ չորս ամիսներ առաջ Վեհափառ Հայրապետին ստորագրութեամբ, անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ «Դարձ առ Աստուած» (Turning to God — Praying and Reflecting At A Time Of Pandemic) հատորը: Իւրայատուկ բնոյթ կրող յիշեալ հատորին մասին գրախօսականներ գրուեցան, մեկնաբանութիւններ տրուեցան, յատկապէս օտարներու կողմէ: Ստորեւ Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտավերտեանի կողմէ այս մասին գրուած եւ Նորին Սրբութեան ուղղուած նամակը.-

 

Վեհափառ Տէր,

 

Աւարտելէ ետք Ձեր հեղինակած Turning to God գիրքի ընթերցումը, կ՚ուզեմ Ձեզի հետ համեստաբար բաժնել կարգ մը անձնական մտածումներ եւ զգացումներ, որոնք ընթերցումիս ամբողջ ընթացքին, եւ անկէ ետք նաեւ, շարունակաբար մնացին ուշադրութեանս առանցքին վրայ եւ զիս մղեցին խորհրդածութեան եւ զգացական ինքնաքննութեան:

 

Առաջին ածականը, որ կը բնորոշէ կարդացածս՝ «ազատագրող»ն էր — Liberating: Ինչո՞ւ «ազատագրող», որովհետեւ, երբ ինքնութեանդ եւ կազմաւորմանդ ամրօրէն առնչուող ղեկավար մը կ՚անդրադառնայ այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնց մենք անհատապէս թէ հաւաքաբար ականատես ենք՝ բայց անճրկած, երբ ան կը վերլուծէ եւ կը հաստատէ այն բոլոր զգացական իրավիճակները, զորս մենք կ՚ապրինք՝ բայց որոնցմէ կը վախնանք եւ կը յուսալքուինք — ապա այս մէկը անպայմանօրէն կը բնութագրուի իբրեւ «ազատագրող» փորձառութիւն: Գիրքին բնոյթը կ՚ազատագրէ ընթերցողը զինք չարչրկող մտքերէն, մարդու խոցելիութեան հետզհետէ աճող սպառնալիքէն եւ ապագային հանդէպ անոր ունեցած կասկածի ահաւորութենէն: Երբ այս բոլորը չդատող եւ չմեղադրող մօտեցումով կ՚արծարծուին, ապա անոնք իբրեւ յարաբերաբար «բնական» կ՚ընկալուին, եւ ընթերցողը կը յուսադրուի, որ ինք մինակ չէ իր տկարութեան մէջ:

 

Երկրորդ՝ «վաւերացնող» որոշիչն է — Validating: Զգացումներու եւ մտածումներու վերիվայրումներուն հանդէպ գիրքին արտայայտած հանդուրժողութիւնը, եւ երբեմն նոյնիսկ անոնց արդարացիութեան հաստատումը, կ՚օգնէ ընթերցողին, որ ապահով զգայ եւ կարենայ իր շուրջ տիրող եւ զինք կլանող ժխտականութեան եւ անորոշութեան հետ առաւե՛լ ինքնավստահութեամբ վերաբերիլ:

 

Իսկ վերջին բնորոշող բառերու զոյգը՝ «յուշող եւ խթանող» է — Prompting and activating: Ընթերցողին մտահորիզոնին վրայ կու գայ իշխելու յուսադրող տիրոյթ մը, որ կը յուշէ Ամենակալ Աստուծոյ ապաւինելու հրամայականը, բայց որ միաժամանակ կը խթանէ անհատը, բոլոր ժամանակներէն աւելի, ներկայի՛ս, աւելի՛ պատասխանատու, աւելի՛ տեղեկացուած եւ մանաւանդ աւելի՛ ամրապնդուած բարոյականութեամբ դիմագրաւելու անխուսափելիօրէն անյայտ գալիքը:

 

Շնորհակալութիւն ինքնաքննութեան այս առիթին համար: Ձեր վարձքը՝ կատար, կեանքը՝ առողջ եւ գրիչը՝ անսպառ:

 

Անկեղծ յարգանօք՝

ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽՈՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

Յուլիս, 2021

 

Յ.Գ.։ Ի դէպ, Paulo Freire-ը մանկավարժութեան իմ նախասիրած տեսաբաններէս մէկն է, որուն կը պարտիմ դասաւանդումի «հաւատամք»իս կարեւոր սկզբունքներէն՝ քննական մօտեցումը, ուսուցման եւ ուսումնառութեան արդար եւ մարդկային պայմաններու ստեղծումն ու կիրարկումը եւ աշակերտի գործօն մասնակցութեան խթանումը: