10 July, 2021

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ՕՐ ՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՏՈԳՈՐՈՒԱԾ

Սփիւռքահայուն համար հայկական սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով ապրիլը վճռականութիւն եւ յատուկ ճիգ կը պահանջէ, նամանաւանդ երբ կառոյց մը կամ միատեսակ ընկերութիւն մը չկայ զանոնք երաշխաւորելու համար։ Հայ եկեղեցին, իր դրուածքով եւ առաքելութեամբ, կը հանդիսանայ այն հողը, ուր Քրիստոսի առաքելութեան ժառանգորդ ըլլալու կողքին նաեւ շառաւիղն է հայոց կտակին։   

 

Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ մեր եկեղեցին, իր ծիսակատարութեամբ միայն, մարդուս հինգ զգայարանները դուրս կը հանէ իրենց թմբիրէն. իւրաքանչիւր խաչահամբոյր, խշշոց, խնկարկում, միւռոնաբոյր ջուր, ի շարս այլոց, առիթ կ՚ընծայէ ամբողջովին պարուրուելու աւելի քան 1700 տարուան մշակոյթով։ Այս փորձառութիւնը անգամ մը եւս ըմբոշխնեց հոգիս, երբ ներկայ գտնուեցայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ վերջերս տեղի ունեցած աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան։ Սակայն Սուրբ Խորանին վրայ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան, ընծայեալներուն հանգրուան առ հանգրուան զգեստաւորման, անոնց ճակատներուն ու ձեռքերու օծման մասին պիտի չխօսիմ այս գրութեամբ, ոչ ալ՝ դասին մէջ կանգնած մեր հոգեւորականներուն մեծաշուք ներկայութեան, որ յաւելեալ շքեղութեամբ կնքեց արարողութիւնը, այլ կ՚ուզեմ այս թուղթին յանձնել տպաւորութիւններս աբեղայական ձեռնադրութեան յաջորդող պտղասեղանին, որուն մասնակից դառնալու պատիւը ունեցայ։

 

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին սեղանակից էին միաբան հայրերը, Դպրեվանքի սաները, տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, Կաթողիկոսարանի մեծ ընտանիքին պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ Մայրավանքի բանկալ մարմինը։ Պիքֆայայի զով զեփիւռին հետ կը խառնուէին մեր խօսակցութիւնները, երբ կարգը հասաւ սրտաբուխ կենացներուն։ Փաստօրէն, Ս. Աստուածածին Վանքը Լիբանանի գիւղերէն մէկուն մէջ օթեւան գտած լոկ տարածք մը չէ, այլ` բառին բուն իմաստով հայկական դարաւոր միւռոնի օրհնութեամբ ոռոգուած հող մը, որուն իւրաքանչիւր քար, թէկուզ վերաշինուած եւ նոր կերպարանք ստացած, անլեզու պատմագիր մըն է, եւ անոր համար ալ բարձրացած բաժակները թարգման հանդիսացան Դպրեվանքին եւ կամ Մայրավանքին մէջ կեանք մը ապրած/ապրող հոգեւոր թէ՛ աշխարհիկ անհատներուն յիշատակներուն։

 

Ըստ հայկական սովորութեան, երեկոն ունէր իր թամատան, եւ ո՞վ պիտի ըլլար մթնոլորտը շէն պահելու պարտականութիւնը ստանձնողը եթէ ոչ Հայր Պետրոսը՝ իր սրամիտ կատակներով եւ հմուտ հրապարակախօսութեամբ, որուն վկայեց Շահան Սրբազան՝ բարձրախօսը անոր փոխանցած պահուն։ Ոմանց համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեկնակէտ մըն էր հոգեւոր կոչման՝ ասոր մասին արտայայտուեցան միաբան հայրերը, իւրաքանչիւրը իր ժամանակաշրջանին եւ փորձառութեան յենելով – Թորգոմ Սրբազան, նախկին տեսուչ Դպրեվանքի եւ ներկայ առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի, Հայր Պարոյր, ներկայ տեսուչ Դպրեվանքի, Հայր Յովակիմ, վարիչ  տեղեկատուական բաժանմունքի։  Ուրիշներ խօսեցան կեանք մը Կաթողիկոսարանի մէջ անցուցած ըլլալնուն մասին՝ մեկնելով գործի բերումէն – Դպրեվանքի դասատուներէն տիկին Շաղիկ Խիւտավերտեանը եւ դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանը։ Բարձրացած բաժակները կ՚ընդմիջուէին Դպրեվանքի սաներուն՝ շրջափակը թնդացնող հայրենաշունչ երգերու աքափելլա մեկնաբանութիւններով։ Եթէ ներկայ եղած էք Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբի ելոյթներուն, ապա հաւանաբար այս տողերը ընթերցելու ժամանակ ձեր ականջին մէջ հնչեն դպրեվանեցիներուն առնական ձայնով հնչած հայրենասիրական երգերը, որոնց առջեւ անկարելի է չյուզուիլ՝ թէ՛ անոնց իմաստային բովանդակութեան եւ թէ՛ սփիւռքահայ նորափթիթ երիտասարդներուն կողմէն երգուած ըլլալնուն համար։

 

Երեկոն գրեթէ հասած էր իր աւարտին, երբ հերթը եկաւ պտղասեղանին ամէնէն յատկանշական աւանդութեան՝ բենիամինութեան յանձնումին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին աւանդութեան համաձայն, աբեղայական ձեռնադրութեան յաջորդող պտղասեղանին, միաբանութեան կրտսերագոյնը իր բենիամինութիւնը, իր կրտսերագոյն ըլլալու տիտղոսը, կը յանձնէ նորաօծ կրտսերագոյն միաբանին։ Այս տեղի կ՚ունենայ սրտի խօսքի արտասանութեամբ եւ ողջագուրումով. առ այդ, Հայր Յակոբը Հայր Երեմիային յաձնեց այդ մէկը, որ նաեւ, իր կարգին, իր գրաւիչ ձայնով, հայրենասիրական երգեր հրամցուց ներկաներուն։

 

Սակայն այս անգամ երեկոյին գագաթնակէտը գրաւեց այլ յատկանշական երեւոյթ մը եւս։ Վեհափառ Հայրապետը պատրաստած էր անակնկալ մը՝ բանկալ Պօղոս Գանթարճեանի տարիներու վաստակին Հայրապետական կոնդակով գնահատումը։ Խօսք առնելով, Հայրապետը ներկայացուց Պօղոս Գանթարճեան համեստ անձնաւորութիւնը, որ Մայրավանքին ճամբով իր ամբողջ կեանքը նուիրած է եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Հայրապետը հաստատեց, որ Գանթարճեան, առանց բացառութեամբ, ամէն Կիրակի առաւօտ կանուխ լուսարարապետին հետ մուտք կը գործէ Մայր Տաճար, կը խաչակնքէ ու կ՚անցնի բանկալին գլուխը։ Այսպէս հաւատարիմ եղած է Գանթարճեան իր խոնարհ պատասխանատուութեան, որուն համար արժանի է յիշատակութեան։ Հայրապետին այս նախաձեռնութիւնը կու գայ մէկ կողմէ յիշեցնելու, որ Աւետարանին Այրի կնոջ լումայի առակը ապրուած իրականութիւն մըն է, իսկ միւս կողմէ ցոյց կու տայ, թէ հարուստ է այն մարդը, որ գիտէ իր ժամանակը, կեանքի ամէնէն թանկագին օրհնութիւններէն մէկը, նպատակասլաց ու թիրախաւորուած կերպով տնտեսել։ Իսկ երբ Պօղոս Գանթարճեան իր յուզմունքին մէջէն կարողացաւ իր շնորհակալական խօսքը արտասանել, յիշեց, թէ ինչպէս իր պատանեկութեան օրերուն զրկուած եղած է դպրոցական ուսումէ՝ նիւթական անբաւարարութեան պատճառով, սակայն, իբրեւ բողոք այս անարդարութեան, աւելի ուշ եղած է սան որդեգրող բարերարներու շարքին, որպէսզի այլ հայ աշակերտներ չզրկուին դպրոցական կրթութենէ։ Ահա նմա՛ն անձնուէր հայորդի մը արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետին յատուկ ուշադրութեան։

 

Երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Պտղասեղանին շուրջ նստածներս վերադարձանք մեր առօրեային, բայց խորքին մէջ, Վանքին քարերուն մէջ յիշատակ մըն ալ ես ունեցայ՝ հայկական աւանդութիւնները վառ պահող հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրապետական եւ հայրական հոգածութեան ներքեւ։

 

Իսկ մեր եկեղեցւոյ Ս. Աթոռին արդէն 26 տարիներու գահակալին կը մաղթենք ամենայն բարիք եւ արեւշատութիւն, քաջառողջութիւն եւ համբերութիւն, որպէսզի շարունակէ ներշնչման աղբիւր մնալ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի զաւակներուն։

 

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ