6 Հուլիսի, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

23-29 Յունիս 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ընդհանուր ժողովը գումարեց առցանց։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։ Նշենք, որ նախկին Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Գարլա Խիճոյեան կը շարունակէ Ե.Հ.Խ.-ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժնի պատասխանատուի իր պաշտօնը։

 

Ժողովին կիզակէտն էր Ե.Հ.Խ.-ի 11-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած է տեղի ունենալ յառաջիկայ տարի Գերմանիոյ մէջ։ Այս ծիրին մէջ արծարծուեցան նաեւ վարչական հարցեր՝ նկատի ունենալով, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը պատասխանատու է կիրարկելու համաժողովին որդեգրած բանաձեւերը եւ հսկելու Ե.Խ.Հ.-ի ծրագիրներուն ու պիւտճէին։ Նշենք, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը առիթը օգտագործեց օգտուելու աննախընթաց փոփոխութիւններ եւ կորուստներ դիմագրաւած եկեղեցիներու փորձառութիւններէն, ինչպէս նաեւ ամրացնելու Ե.Հ.Խ.-ին միասնականութիւնը։

 

Ներկայացուեցաւ եւ լայն քննարկումի ենթարկուեցաւ Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան տեղեկագիրը։ Ընդհանուր ակնարկ կատարուեցաւ անցնող շրջանին ներկայ աշխարհը դիմագրաւած տագնապներուն։ Այս ծիրէն ներս լսուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հակիրճ տեսերիզ պատգամը Արցախի դէմ շղթայազերծուած Ազրպէյճանի պատերազմին, որուն հետեւանքով արձանագրուած բազմաթիւ զոհերուն, գերիներուն, մշակութային ու կրօնական կոթողներու քանդումին եւ հողային կորուստին մասին։ Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Խորհուրդի պաշտօնէութեան, վարչութեան եւ եկեղեցիներու հետ ունեցած յարաբերութեան եւ առաւ համապատասխան որոշումներ։

More News