Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան սուրիական գրասենեակի փոխ պատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի դարձեալ Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու Դոկտ. Միշէլ Նսէյրը։
Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը պատրաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել սուրիոյ վերականգնումի գործընթացքին։ Յիշեալ ծրագիրին իրագործման շուրջ, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց իր պատկերացումը, նկատի ունենալով ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները։
Սոյն խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Ժընեւի մէջ։