Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի կազմակերպած միջ-ուղղափառ խորհրդակցութիւնը գումարուեցաւ Կիպրոսի մէջ, 6-13 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները ներկայացնող 30 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։
Խորհրդակցութեան նպատակն էր «Դէպի եկեղեցւոյ հասարակաց ըմբռնողութիւն» ուսումնասիրութեան քննարկումն ու անոր տրուելիք ուղղափառ տեսակէտի մը խմբագրութիւնը։