19 October, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԻՊՐՈՍԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Կիպրոս այցելութեան ընթացքին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի ժողովի մասնակցութենէն ետք, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան յատուկ ժամադրութեամբ այցելեց Կիպրոսի Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Տ. Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները։

 

Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Նարեկ Սրբազան Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին հետ քննարկեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութեանց, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ամմանի մէջ գումարուած համաժողովին եւ Կիպրոսի հայ գաղութին հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր։ Մտերմիկ հանդիպման աւարտին, Կիպրոսի Արքեպիսկոպոսը յայտնեց, թէ Կիպրոսի Եկեղեցւոյ համար կարեւոր է շարունակել իր պատմական համագործակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, միասնաբար յաղթահարելու ներկայ տագնապալից օրերը։

 

Նշենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս սերտ յարաբերութիւններ ունի Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին հետ եւ ան 2015 թուականի Յուլիսին ներկայ գտնուեցաւ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան։

More News