Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմակողմանի առաքելութիւնը անցնող քանի մը տարիներուն առաւել եւս շեշտուեցաւ կրթական, կրօնական, հայեցի դաստիարակութեան ու հայագիտական հրատարակութիւններու բնագաւառէն ներս։ Մօտաւոր անցեալին, Անթիլիասի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սեմինարները եւ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած կրթական համագումարները, ուսումնական խորհուրդներու հանդիպումները եւ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան զարգացման զարկ տալու ճիգերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմաց բացին նոր հեռանկարներ։ Սփիւռքի ուսումնական համակարգը եւ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման դրութեան կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ մշակութային ու գիտական համագումարներու կայացումը, հայապահպանման ազդակներ են յատկապէս օտար միջավայրի մէջ ու օտարներու հետ ամէնօրեայ շփման իրողութիւնը նկատի ունենալով։ Առ այդ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պաշտօնագրով եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան համաձայնութեամբ, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուեցաւ յատուկ գրասենեակ, վերոյիշեալ աշխատանքներուն համակարգումը կատարող։ Գրասենեակին վարիչն է լիբանանահայ մտաւորական Տիար Ժիրայր Դանիէլեան։ Հրատարակչական, յարաբերական, քարոզչական ու կազմակերպչական մարզերու մէջ հետեւողականօրէն պիտի դասաւորուին տարեկան համագումարներն ու կրթական եւ ուսումնական կեանքին հետ առնչուող հրատարակութեանց վերահսկողութիւնը։
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ«Խաչիկ Պապիկեան» Միջդպրոցական Մրցանքներու Եւ«Արեւմտահայերէնի Եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»-իՎկայականներու Բաշխում |
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու եւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ի վկայականներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով աշակերտներու: Հանդիսութեան բացումը կատարելով` կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ աւանդութեան կարգ անցած սոյն մրցանքներուն այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները` անգամ մը եւս փաստելով, որ այս նախաձեռնութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ: Ապա, Կիրակոսեան կեդրոնացաւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ին վրայ` իբրեւ անփոխարինելի եւ խիստ օգտակար նախաձեռնութիւն: Դասընթացքին մասնակից աշակերտներուն անունով իր սրտի խօսքը արտասանեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` նման խիստ օգտաշատ ծրագիր մը նախաձեռնելուն եւ հովանաւորելուն համար: Մրցանքներու եւ վկայականներու բաշխումէն ետք իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ պատասխանատուներուն ծառայութիւնն ու նուիրումը բարձր գնահատելէ ետք, եզրափակեց. «Գօտեպնդիչ եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն է այս գեղեցիկ երեւոյթը, որ իր մէջ պատգամ մը ունի փոխանցելիք: Անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մեր լեզուն` արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց պիտի գան ըսելու, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդները այս նահանջին դիմաց պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. ահա պատգամը այս գեղեցիկ երեւոյթին»: