Ընկերային Ծառայութիւն3

Ընկերային ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան ծառայական երեսը ներկայացնող ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւններէն մէկն է: Հայ Եկեղեցին վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ գործնապէ2ս իր մասնակցութիւնը բերել համայնքային ընկերային ծառայութեան աշխատանքներուն եւ ծաւալման: Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ո՛չ միայն կը քաջալերէ ու նեցուկ կը կանգնի ընկերային ծառայութեան ծրագիրներուն, թեմական մակարդակներու վրայ, այլ իր կարգին կը նախաձեռնէ ընկերային հսկայածաւալ ծրագիրներու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը, Ազունիէի Ազգային Բուժարանը, Ֆանարի ժողովրդային տուներու ծրագիրը եւ Ազգային ծերանոցը՝ Պուրճ Համուտի մէջ:

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

ԱԶՈՒՆԻԷ

Իբր ոչ-հասութաբեր հաստատութիւն, Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը, առողջապահական եւ բժշկական ծառայութիւն կը մատուցէ, բոլոր անոնց, որոնք բժշկական խնամքի կարիքը ունին, առանց որեւէ կրօնական կամ համայնքային խտրութեան:

Ազգային Բուժարանը Լիբանանի միակ հիւծախտի կեդրոնն է եւ կը ֆինանսաւորուի հայ ժողովուրդի զաւակներուն նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւՆիւԵորքի Հայ Ամերիկեան Մարդասիրական Ֆոնտին կողմէ:

1Ազգային Բուժարանը կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճանապարհին՝Ազունիէ գիւղին մօտ, որ ծովու մակերեսէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ է։3

Հաստատութիւնը ունի ութ շէնքեր եւ կեդրոնական գրասենեակ մը Պուրճ Համուտի մէջ։  Ազգային Բուժարանին մէջ կը գործեն շուրջ 70 բժիշկներ եւ հիւանդապահներ: 

Ազունիէի բուժարանը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան։ Միացեալ յանձնախումբ մը կը հսկէ բուժարանի աշխատանքներուն:

Շուրջ 100 հիւանդներ եւ ծերունիներ կը պատսպարուին բուժարանին մէջ: Ապագայի ծրագիրներն են առաւել ընդարձակել բուժարանին պայմանները, հասնելու համար արդիական հիւանդանոցի չափանիշներու:

Խնամակալութեան անդամներ։

Տիկ. Սօսի Պարսումեան

Տիկ. Սօսի Փօլատեան

Տիար Սարգիս Բարմաքսըզեան

Տիար Գրիգոր Կէօքճեան

Տիար Ներսէս Պաղտոյեան

Տիար Միսաք Ներսէսեան

Տիար Ռաֆֆի Էլմաճեան                                   

Հասցէ:

Պէյրութ։

Beirut Office Sanatorium – Azounieh

P.O.Box 70927 Lebanon

Հեռ. եւ ֆաքս։ (+961-1) 248851

 

Ազունիէ։

Հեռ.: (+961-5) 220160, 220405/6/7

ֆաքս: (+961-5) 220344 ext: 222

Ե-նամակ: ArmSanat@cyberia.net.lb

Կայքէջ: www.armeniansanatorium.org

 

Թռչնոց Բոյն

 

«Թռչնոց Բոյն»ը հ2-Birds-Nest-museumիմնուած է շուրջ 80 տարիներ առաջ Միջերկրականի ափին վրայ, Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութէն 35 քմ. դէպի հիւսիւս, Պիպլոս պատմական քաղաքի աւերակներուն մօտ, որ այսօր ծանօթ է Ճըպէյլ անունով:

 

 

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան իբր արդինք, Հայ ժողովուրդի զաւակներէն աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհեր գացին: Երկուք ու կէս միլիոն հայորդիներ իրենց հայրենիքէն արտաքսուեցան եւ բռնութեամբ առաջնորդուեցան դէպի Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատները: Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներուն մէջ կային հազարաւոր որբեր: 1907 թուականին, 25-ամեայ դանիացի Օրդ. Մարիա Ճէյքըպսըն, հայկական հիւանդանոցի մէջ ծառայելու նպատակով, հաստատուեցաւ Խարբերդ, Կիլիկիա: Երբ հայկական շրջաններու մէջ հաստատուած միսիոնարներ հեռացան հայկական քաղաքներէն եւ գիւղերէն, Օրդ. Ճէյքըպսըն պատսպարեց հայ որբերը, անոնց առօրեայ սնունդ մատակարարելով եւ բժշկական խնամք ապահովելով:10377537_873090972712804_6922811218023031881_n

 

 

1926 թուականին, երբ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը  դադրեցուց իր առաքելութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, Օրդ. Մարիա Ճէյքըպսըն, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու (Danish KMA) մարդասիրական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, գնեց Ճըպէյլի Հայկական Որբանոցը: Ան իր ողջ կեանքը նուիրեց հայ որբերու խնամատարութեան, մինչեւ իր մահը 1960 թուական: Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու Ընկերակցութիւնը, Ճէյքըպսընի մահէն 10 տարիներ ետք  շարունակեց «Թռչնոց Բոյն»ի իր առաքելութիւնը եւ 1970 թուականին հաստատութիւնը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

 

«Թռչնոց Բոյն»ի այժմու տնօրէնն է Տիար Սամուէլ Պօյաճեան եւ Կաթողիկոսութեան կողմէ նշանակուած խնամակալութեան անդամներն են.-

 

Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ Քէրքէզեան

Տիկ. Սեդա Խտըշեան

Տիկ. Յասմիկ Պզտիկեան

Տիար Կարօ Յարութիւնեան

Տիկ. Թալին Գըլպաշեան

Տիկ. Շաքէ Թորոսեան

Տիար Ժօզէֆ Պէզճեան

 

Հասցէ:

BIRDS’ NEST
Hay Ain El Yasmine
Armenian Street
P.O.Box 18
Jbeil-Lebanon

Phone: (+961-9) 540867
Fax: (+961-9) 540027
E-mail: armbirds@cyberia.net.lb
Facebook page: Birds Nest Armenian orphanage

Facebook group: Birds Nest Armenian orphanage (official)

Please send donation transfers to:
Name of Bank: Credit Libanais, Bourdj Hammoud branch
Swift Code: CLIBLBBX
Account No: LB23 0053 00C4 AND USD0 0120 0871 7007

Phone: (+961-1) 262393, 255429
Telex: 43626, 43623, 42861, CREDNLIB LB