2 June, 2014

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի 1 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի վեց Կիսասարկաւագներ՝ Սարգիս Կիս. Սրկ. Աճէմեան, Համլիկ Կիս. Սրկ. Զաքարեան, Մովսէս Կիս. Սրկ. Խաչատուրեան, Յարութիւն Կիս. Սրկ.Կիւլոյեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Չուալերթանեան, Պօղոս Կիս. Սրկ. Քեսապլեան և Գէորգ Կիս. Սրկ. Տմտմեանն ու Գէորգ Կիս. Սրկ. Նալպանտեան։

Ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ ապա քարոզեց՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Խարտաւիլակ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր Սուրբ Խորան բարձրացան եւ Սրբազան Հօրմէն ստացան Սարկաւագական կարգն ու ապա լսեցին ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր թելադրութիւններն ու խրատները իրենց ուղղուած։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ գօտեպնդեց նոր ձեռնադրուած Սարկաւագները եւ թելադրեց անոնց, որ Դպրեվանքէն ներս իրենց անցուցած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործեն, լաւապէս պատրաստուելու համար ապագայի մարտահրաւէրներուն։