27 May, 2014

ՆԱՐԵԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԱՏԵՆԱՊԵՏԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) ատենապետեց Եկեղեցական Ընտանիքներու Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովին։

Յայտնենք, թէ տարին երկու անգամ քրիստոնէական եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներու աւելի քան երեսուն ընդհանուր քարտուղարներ ժողով կը գումարեն եւ եկեղեցիներն ու մարդկային ընկերութիւնը տագնապեցնող հարցեր կը քննարկեն եւ անոնց լուծումներ բերող համապատասխան գործակցութիւն կը մշակեն։

Նարեկ Սրբազան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարին եւ կարգ մը այլ պատասխանատուներուն հետ։