2011։ ‘Հայ Մանուկի Տարի’

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

 

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ: Բացուող նոր տարուան սեմին, ձեզի կը մաղթենք երջանկութեամբ, առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ աստուածային բարիքներով լեցուն տարի մը:

 

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, ինը տարիներ առաջ Մեր սկսած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան սկիզբը, մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք իրենց մտածողութեան առանցքը ու իրենց գործին սեւեռակէտը դարձնելու սրբազան արժէք մը, կենսական խնդիր մը կամ կարեւոր դէպք մը՝ մեր հաւաքական կեանքին ու մտահոգութիւններուն հետ ամիջական աղերս ունեցող:

 

Անցնող տարիներուն, երբ ընտանիքը, հայ դպրոցը, կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը հաւաքական խորհրդածութեան նիւթ դարձուցինք՝ շեշտելով անոնց ունեցած առանցքային տեղը մեր քրիստոնէական ու ազգային կեանքին մէջ, բնականաբար հպանցիկ կերպով նա՜եւ անդրադարձանք հայ մանուկին՝ անոր նկատմամբ մեր ունեցած մտահոգութեան ու նախանձախնդրութեան: Արդարեւ, անհատի մը կեանքին մէջ մանկութիւնը նկարագիր կերտող ու ապագայ կեանքին ընթացքը ճշդող ճակատագրական հանգրուան մըն է: Արդ, մանուկին ու մանկութեան ունեցած կենսական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2011 տարին կը հռչակենք

 

ՙ Հ Ա Յ   Մ Ա Ն Ո Ւ Կ Ի   Տ Ա Ր Ի ՚

 

Հայ մանուկին նկատմամբ մեր անհատական թէ հաւաքական պատասխանատուութեան մասին Մեր հայրական թելադրութիւնները կատարելէ առաջ, եկէք, սիրելի հայորդիներ, նախ ընդհանուր ակնարկով մը տեսնենք մանուկին ներկայութիւնը Աստուածաշունչին մէջ. եւ յետոյ ամփոփ գծերով պարզենք մանուկին նկատմամբ ներկայ ընկերութեան մօտեցումը:

 

Ա.

Մանուկը՝ Աստուածաշունչին ու

եկեղեցւոյ կեանքին մէջ

 

Աստուածաշունչը աստուածային յայտնութեան աղբիւր է: Հետեւաբար, ան քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է եւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան սիրտը: Քրիստոնէական կեանքին առնչուած ոեւէ արժէք կամ մտածողութիւն, դէպք կամ երեւոյթ պէտք է արժեւորուի Աստուածաշունչի լոյսին տակ: Արդ, երբ կը խօսինք մանուկի մասին, անհրաժեշտ է որ նախ դառնանք Աստուածաշունչին, ուր յաճախակի առիթներով յիշուած է մանուկը: Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամը եւ Եւան, անոնց պարտաւորութիւն տուաւ բազմանալու: Այս ձեւով յառաջացաւ ընտանիք եւ զաւակ-ծնողք փոխ-յարաբերութիւն: Այս մասին Հին Կտակարանին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ակնարկութիւններու. այսպէս՝ “Թոռները ծերերուն պսակն են. եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են” (Առակ. 17.6): Այլ տեղ մը կը կարդանք թէ Աստուած “Հայրերուն սիրտը պիտի վերադարձնէ դէպի որդիները, եւ որդիներուն սիրտը՝ դէպի հայրերը” (Մաղ. 4.6): Հին Կտակարանին մէջ մանուկներու դաստիարակութիւնը կը նկատուի կարեւոր. “Կրթէ՜ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի” (Առակ. 22.6): Որբերու հոգածութիւնը եւս յատուկ կարեւորութեամբ կը յիշուի Հին Կտակարանին մէջ. “Ո՜չ մէկ այրի կամ որբ տառապեցուցէք” (Ելից 22.22):

 

Նոր Կտակարանին մէջ մանուկներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը  նոր շեշտ կը ստանայ: Աստուծոյ Որդին, որպէս մանուկ կը ծնի Բեթղեհէմի մսուրին մէջ: Մանուկ Յիսուսի ուղղուած խոր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը՝ մոգերէն սկսեալ մինչեւ Սիմէոն ծերունին, յատկանշական երեւոյթ մըն է: Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ո՜չ միայն բազմաթիւ անգամներ մօտեցաւ մանուկներուն եւ իր առակներուն մէջ յաճախ յիշեց զանոնք, այլ կարեւորութեամբ շեշտեց Աստուծոյ ունեցած յատուկ սէրը մանուկներուն նկատմամբ: Աստուծոյ Որդին մանուկները նկատեց պարզութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշ. “Ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ” (Մատթ. 18.4): Քրիստոս նաեւ մանուկներուն ունեցած անմեղութիւնը նկատեց երկնքի արքայութիւն մուտքին նախապայման. “Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան. արգելք մի՜ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկնքի արքայութիւնը” (Մատթ. 19.14): Այլ առիթով ան յիշեցուց՝ “Եթէ դարձի չգաք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք” (Մատթ. 18.3): Քրիստոս այնքան կարեւորեց մանուկին տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ, որ նոյնիսկ ժողովուրդին դիմաց մանուկ մը գրկելով ըսաւ՝ “Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի զիս ընդունած կ’ըլլայ…” (Մարկ. 9.36-37):

 

Քրիստոսի առաքեալները շարունակեցին նո՜յն հոգածութիւնը ցուցաբերել մանուկին նկատմամբ, միշտ յիշեցնելով ծնողներուն՝ “Մի՜ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին” (Կողոս. 3.21): Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած եկեղեցին, իր հայրապետներուն թէ տիեզերական ժողովներուն, ուսուցումներուն թէ հաստատած կանոններուն ճամբով առանցքային կարեւորութիւն տուաւ մանուկին, եւ յատկապէս՝ անոր կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան: Պատմութեան ընթացքին, բոլոր եկեղեցիները իրենց մտածողութեան ու մտահոգութեան, դաստիարակութեան ու աւետարանչութեան մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահեցին մանուկին, զինք նկատելով եկեղեցւոյ հիմքը եւ ընկերութեան շարունակականութիւնը ապահովող ու ապագան երաշխաւորող հիմնական տարրը:

 

Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւս հայ մանուկը միշտ գրաւեց կարեւոր տեղ: Մեր եկեղեցւոյ ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւնը մանուկներուն նկատմամբ իր գործնական արտայայտութիւնը ունեցաւ յատկապէս ընկերային ծառայութեան եւ դաստիարակութեան ճամբով:

 

Բ.

Մանուկը՝ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ

 

Ներկայ աշխարհի ամենէն հրատապ խնդիրներէն մէկը մանո՜ւկն է: Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամենէն փխրուն արարածը, մանուկը անմիջականօրէն ենթակայ է պատերազմներու յառաջացուցած վնասներուն, կենսոլորտային ու բնական չարիքներուն, ընկերային ու ֆիզիքական ախտերուն եւ ընկերութեան կեանքին մէջ յառաջացող բարոյական մոլութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն: Կատարուած հարցախոյզներուն համաձայն, մահացող մանուկներու թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել՝ հակառակ ընկերային, բժշկական ու տնտեսական մարզերէն ներս կատարուած հսկայ յառաջդիմութեան: Արդարեւ, աշխարհի բոլոր կողմերը աղքատութեան եւ հիւանդութիւններու հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ կը տառապին. համաճարակներուն պատճառաւ միլիոնաւոր մանուկներ կը մահանան. ընկերաբարոյական չարիքներու հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ կ’որբանան ու կը դառնան փողոցներու բնակիչ:

 

Միւս կողմէն՝ կազմակերպուած կերպով ու համաշխարհային մաշտապով տեղի ունեցող մանուկներու շահագործումը՝ գիշերային զբօսավայրերու մէջ եւ կամ պատերազմի դաշտին վրայ, մանուկներու առեւանգումը եւ կամ վնասաբեր նպատակներու օգտագործումը, փաստօրէն, մանուկը վերածած է ապօրէն ու ապաբարոյ առեւտուրի առարկայի: Եւ դժբախտաբար նման երեւոյթներ կը շարունակուին ու աւելի՜ կը տարածուին՝ հակառակ պետութիւններու խիստ հետապնդումներուն:

 

Արդարեւ, մանուկներու դէմ կատարուող բռնարարքները եւ անոնց նկատմամբ բարոյական իմաստով անվայել մօտեցման փորձերը, լայն տեղ կը գտնեն միջազգային մամուլին գլխաւոր լուրերու շարքին: Իսկ նման արարքներու մէջ յերիւրածոյ հնարքներով անհատներ ու կառոյցներ ներառելու եւ իրաւական միջոցներու դիմելով հսկայ գումարներ ապահովելու կամ հանգամանքներ վարկաբեկելու ճիգերը սկսած են դառնալ սովորական: Այսպէս, անզէն, անգիտակից ու անմեղ մանուկը այսօր դարձած է իրեն նկատմամբ հոգածութիւն ու պաշտպանութիւն ցոյց տալու կոչուած իր շրջապատին գերին ու շահագործումին թիրախը: Արդ, կրնաք երեւակայել խեղճ մանուկներուն ահաւոր տառապանքը ու անձկութիւնը: Ահա թէ ինչու կրօններ, պետութիւններ ու կազմակեպութիւններ առաջնահերթ կարեւորութիւն սկսած են տալ մանուկին, իրենց պիւտճէներուն կարեւոր բաժինը տրամադրելով մանուկներուն առնչուած ծրագիրներուն: 

 

Այս շրջագծէն ներս, կ’արժէ յիշել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հաստատած մանուկներու յատուկ բաժանմունքը՝ UNICEF անունով ծանօթ: Արդարեւ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան այս կառոյցին նպատակն է օգտակար հանդիսանալ մանուկներուն՝ գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելով, ինչպէս նաեւ մանուկներուն հետ աղերս ունեցող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն  նիւթապէս օժանդակելով: Եւ որպէսզի յիշեալ կառոյցին աշխատանքը դառնայ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական, ինչպէս նաեւ պետութիւններու  մասնակցութիւնը աւելի գործօն ու մանուկներու նկատմամբ անոնց ունեցած յանձնառութիւնը աւելի հաստատ, 1989-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը միջազգային համագումար մը կազմակերպեց, ուր միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ “Մանուկներու Իրաւունքներու Ուխտ”ը:

 

Յիշեալ Ուխտին նպատակն է՝ ա) մանուկներու իրաւունքը պաշտպանել. բ) մանուկներու կարիքները հոգալ. գ) մանուկներու աճման ու  զարգացման լայն կարելիութիւններ ստեղծել: Այս հիմնական նպատակներու լոյսին տակ, նոյն Ուխտին մէջ նաեւ կը յիշուի թէ անհրաժեշտ է ամէն ճիգ ի գործ դնել որպէսզի մանուկները առողջ ապրին, վնասաբեր երեւոյթներու ենթակայ չդառնան, շահագործումներէ հեռու մնան, խտրականութեան զոհ չդառնան, անոնց արժանապատուութիւնը մնայ բարձր, եւ առաւելագոյն չափով մասնակից դառնան ընկերա-մշակութային կեանքին: 

 

UNICEF-ի կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Անոր լայնածաւալ գործունէութեան զանազան երեսներուն առնչուած մասնագիտական կեդրոններ կը գործեն Զուիցերիոյ, Տանիմարքայի, Պելճիքայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի մէջ, եւ բազմաթիւ գրասենեակներ՝ 190 երկիրներու մէջ:

 

Ներկայ ընկերութեան մէջ մանուկին տրուած յատուկ կարեւորութեան եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող բազմատեսակ աշխատանքներուն մէջ պակսողը կրօնա- բարոյական դաստիարակութիւնն է, ինչ որ Մենք կը նկատենք հիմնական՝ մանուկին առողջ կազմաւորման ու անոր նկարագրի կերտման համար:

 

Գ.

Հայ մանուկին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան

հրամայական անհրաժեշտութիւնը

 

Անցնող տարիներուն, Մեր պատգամներուն ու հրատարակութիւներուն մէջ երբ անդրադարձանք հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, ընգծեցինք հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը: Արդարեւ, մեր համայնական  կեանքի այս երեք նուիրական միջավայրերուն մէջ է որ տեղի կ’ունենայ վաղուան քրիստոնեային ու հայ մարդուն կրօնական ու հայեցի կազմաւորումը: Այլ խօսքով՝ այս երեք հոգեմտաւոր քուրաներուն մէջ է որ կը թրծուի հայ մանուկը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով: Հոս կ’արժէ առանձնաբար անդրադառնալ ընտանիքին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ ճշդորոշիչ դերին.-

 

1) Անցեալին, երբ քննարկումի ու արժեւորումի նիւթ դարձուցինք  ընտանիքը, ըսինք թէ՝ հայ մանուկը իր աչքերը աշխարհին կը բանայ հայ ընտանիքէն ներս, ուր իր ֆիզիքական աճման կ’ընկերանայ նա՜եւ իր հոգե- բարոյականր աճումը: Ըսինք նաեւ, թէ՝ հայ ծնողքը հայ մանուկի հոգեկերտումին ու հայակերտումին առաջի՜ն ու մնայուն դաստիարակն է: Այսպէ՜ս եղած է միշտ մեզի համար հայ ընտանիքը՝ իր կեանքով, միջավայրով ու կոչումով: Ահա թէ ինչու հայ ընտանիքը, մեր ժողովուրդին համար որոշ իմաստով՝ եկեղեցի է, դպրոց է ու նաեւ հայրենիք: Գիտակից հայուն հիմքը հայ ընտանիքին մէջ կը դրուի, արմատները հայ ընտանիքին մէջ կը նետուին: Հետեւաբար կրնաք երեւակայել թէ որքա՜ն ճակատագրական է դերը ընտանիքին մանուկի կրթութեան մէջ:

 

Արդ, ինչպիսի՞ նկարագիր կրնայ ունենալ վաղուան հայը՝ երբ հայ ընտանիքէն ներս օտար ու օտարացնող ներկայութիւն գոյութիւն ունի. երբ հայ ընտանիքը հեռու է հայ ընտանիք կոչուելու հոգեւոր թէ ազգային սրբութիւններէն ու արժէքներէն. երբ ընկերա-բարոյական ախտեր սկսած են թափանցել հայ ընտանիքէն ներս. երբ հայ ընտանիքը անտարբեր է մեր ըմբռնումներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ: Արդարեւ, հայ ծնողքը իր զաւակը դասագրքով չէ որ պիտի դաստիարակէ, այլ՝ ընտանիքին նուիրական միջավայրէն ճառագայթող արժէքներով ու առաքինութիւններով: Հայ ծնողքը իր զաւակը ծեծով ու պատիժով չէ որ պիտի կրթէ, այլ՝ անոր տուած ծնողական սիրով ու հոգածութեամբ: Հայ ծնողքը սոսկ ֆիզիքական սնունդի հայթայթումով չէ որ պիտի կազմաւորէ իր զաւակը, այլ՝ հոգեւոր ու բարոյական ճշմարտութիւններէն ու արժէքներէն եկող կենսատու սնունդով:

 

Այսպէ՜ս եղած են մեր ծնողները ու դարձած մեր բարձր յարգանքին ու խոր երկիւղածութեան առարկան: Կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ, զաւակներու դաստիարակութիւնը իրենց համար եղած է ամէն բանէ առաջ ու վեր: Կը սպասենք որ նո՜յնը ըլլան նաեւ մեր ներկայ ծնողները: Մեզի համար ընդունելի չէ նիւթական կարելիութիւններէն շփացած ու աշխարհիկ հաճոյքներէն յղփացած ծնողներու անտարբեր ու անհոգ վերաբերումը իրենց զաւակներուն նկատմամբ: Արդարեւ, խորապէս կ’ընդվզինք՝ երբ կը տեսնենք ու կը լսենք, որ իր մօր գիրկը սնանելու կոչուած մանուկը օտար սպասուհիներու խնամքին ենթակայ դարձած է. երբ կը տեսնենք ու կը լսենք, որ իր կեանքի ամենէն զգայուն տարիներուն մէջ գտնուող մանուկը մանուկներու խնամակալ տիկիններու կը յանձնուի, որպէսզի մայրեր չզրկուին իրենց զուարթ պահերէն: Այսօր փաստօրէն մանուկին հետ աւելի ժամանակ կ’անցնէ սպասուհին՝ քան մայրը: Ու տակաւին, ընդունելի չէ որ հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդ մանուկը օտար անունով հայ եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը մտնէ, օտար դպրոց յաճախէ՝ ենթակայ դառնալով իր ճշմարիտ արմատներէն ու հարազատ միջավայրէն զինք հեռացնող քայլերու:

 

Մեր ընտանիքներէն ներս հետզհետէ թափանցող այս կենցաղակերպը սկսած է ապականել հայ ընտանիքին կրօնաբոյր ու հայադրոշմ մթնոլորտը եւ խաթարել մանուկին կազմաւորման ընթացքը: Կարելի չէ անտարբեր մնալ մեր ազգային ըմբռնումներուն խոտոր համեմատող եւ հետզհետէ տարածուող այս յոռի երեւոյթներուն դիմաց: Նման միջավայրի մը մէջ իր մանկութիւնը ապրած հայը իր չափահասութեան վստահաբար պիտի ընդվզի, նման պայմաններու մէջ իր կազմաւորումը ստացած ըլլալուն համար: Եւ ո՞վ է յանցաւորը. միայն ու միայն ծնողքը: Արդարեւ, մեր ազգի ապագային կերտման մէջ ծնողքը առանցքային դեր ունի: Ան կրնայ վերոնշեալ միջոցներուն դիմելով իր զաւակը հեռացնել իր ազգէն. եւ դժբախտաբար, կան նման ծնողներ: Ծնողք մը նաեւ կրնայ մեծ ծառայութիւն մատուցանել հայ ժողովուրդին՝ բազմաթիւ զաւակներու ծնունդ տալով ու զանոնք հայօրէն կրթելով: Մեր խոր փափաքն է, որ նման ծնողներու թիւը բազմանայ:

 

2) Երբ դպրոցի մասին յաճախակի առիթներով կ’անդրադառնանք, միշտ կը յիշեցնենք մեր կրթական պատասխանատուներուն թէ՝ հայ դպրոցին կոչումը սոսկ ծանօթութիւն փոխանցել չէ, գիտութիւն ջամբել չէ, այլ հայ մանուկին հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւնն է: Հո՜ս է հայ դպրոցին գոյութեան պատճառը, անոր նպատակը: Մեր ժողովուրդին համար հայ դպրոցը է՜ եւ կը մնա՜յ, ընտանիքի ու եկեղեցւոյ կողքին, վաղուան հայ մարդը քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ շաղախելու կոչուած սրբազան առաքելութիւն: Արդ, ընդունելի չէ, բոլոր պայմաններուն մէջ, ոե՜ւէ նահանջ կամ զիջում այս ուղղութեամբ:

 

Հայ ուսուցչին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է հայ մանուկին դաստիարակութիւնը: Ուսուցիչը հայ մանուկին երկրորդ ծնողքն է: Մանկապարտէզի փոքր դասարաններէն սկսեալ մանուկը իր ծնողքին կողքին իր դիմաց կը տեսնէ իր ուսուցչուհին եւ կը հետեւի անոր՝ եւ նո՜յնիսկ անոր խօսելակերպին ու շարժումներուն: Արդ, ուսուցչուհին տիպարն է մանուկին: Անոր դերը մանուկի դաստիարակութեան մէջ այնքան ազդեցիկ է, որ երբ մանուկը մեծնայ, նոյնիսկ իր յառաջացեալ տարիքին մէջ չի մոռնար դպրոցի իր ուսուցչուհիները:

 

Հայ դպրոցին ցուցաբերած հոգածու խնամքը հայ մանուկին նկատմամբ, Մենք բարձրօրէն կը գնահատենք: Սակայն կը սպասենք աւելի՜ն: Քաջ գիտենք, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ մանուկը կրթելը դիւրին չէ. սա լուրջ մարտահրաւէր մըն է: Հայ մանուկին անմիջական միջավայրը այնքա՜ն լեցուն է ախտավարակ երեւոյթներով, երբեմն անոր աչքերուն դիմաց կը պարզուին այնպիսի տեսարաններ ու ականջներուն կը հասնին այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք մանուկին կողմէ սպունքի նման ծծուելով՝ իրենց ժխտական հետեւանքները կ’ունենան անոր նկարագրի կազմաւորման մէջ: Հետեւաբար, չի՜ բաւեր միայն մանկավարժական նոր մեթոտներու դիմել կամ միայն ծնողական ժողովներու ճամբով յիշեցումներ կատարել: Անհրաժեշտ է մեր ճիգը կրկնապատկել հայ մանուկին կրթութեան աշխատանքներուն մէջ:

 

3) Հայ եկեղեցւոյ համար հայ մանուկին դաստիարակութիւնը՝ իր կրօնական թէ ազգային տարածքներով, կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն: Այս ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հիմնած Կիրակնօրեայ վարժարաններուն ճամբով անցեալին բարերար դեր կատարած է ու կը շարունակէ կատարել վերանորոգ թափով: Անցեալ տարի 80-ամեակն էր Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան ու գործունէութեան: Այս առիթով, Մեր հրապարակած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին մէջ ըսինք հետեւեալը.-

 

“Կիրակնօրեայ վարժարանները անցնող տարիներուն կրօնական դաստիարակութեան մարզէն ներս հսկայ գործ կատարեցին ընդհանրապէս Սփիւռքի գաղութներէն ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս: Կիրակնօրեայ վարժարանները սովորական ու պատահական նախաձեռնութիւններ չեղան, այլ դարձան թեմերու վարչակազմակերպչական դրութենէն ներս կարեւոր կառոյցներ՝ իրենց յատուկ կանոնագրութեամբ, ուսուցչական կազմով ու կրթական-դաստիարակչական ծրագրով: Մեր Սուրբ Աթոռին Հայրապետները ո՜չ միայն քաջալերեցին Կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը, այլ նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու Ընդհանուր Վարիչ Տնօրէնութիւն մը հաստատեցին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որպէսզի մօտէն հետեւին անոնց աշխատանքին:

 

Արդ, 80 տարիներու ընթացքին կատարուած նուիրեալ ծառայութեան ու ձեռք ձգուած իրագործումներուն դիմաց այսօր կոչուած ենք ո՜չ միայն արդարօրէն ուրախանալու, այլ նաեւ վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու նոր սերունդին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան այնքան հրամայական առաքելութիւնը: Այսօր շրջապատուած ենք համաշխարհայնացած աշխարհէն եկող այնպիսի հոսանքներով, որոնք ամէն օր կը խաթարեն մեր քրիստոնէական դիմագիծը, կ’ապականեն մեր ազգային ինքնութիւնը եւ կը մոլորեցնեն մեր զաւակները: Հետեւաբար, ոեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՜ր մենք սուր կարիքը կը տեսնենք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով թրծելու մեր նոր սերունդին կեանքը: Ահա այս սրբազան առաքելութեան է լծուած Կիրակնօրեայ վարժարանը”: 

 

Մանուկի դաստիարակութեան մեր մօտեցումը անհրաժեշտ է որ դառնայ համապարփակ: Նեղ հայեցակէտով, տոկմադիք ոգիով եւ ժամանակավրէպ մեթոտներով կատարուող դաստիարակութիւնը կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ: Պէտք է գիտնանք հանգրուանային մօտեցումով ու յառաջատուական ընթացքով ի՞նչ փոխանցել մանուկին եւ ի՞նչ բանէ հեռու պահել զինք թէ՜ ընտանիքին, թէ՜ դպրոցին եւ թէ Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ: Պէտք է նաեւ գիտնանք ինչպէ՞ս դաստիարակել մանուկը՝ դիմելով այնպիսի միջոցներու, որոնք համահունչ են կեանքի ներկայ պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն ու նաեւ՝ գրաւիչ եւ ազդու: Այս ծիրէն ներս արդի չափանիշներու ու մերօրեայ կարիքներու համապատասխանող մանկական գրականութեան մշակումը, լսողատեսողական կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումը, մանուկները հետաքրքրող հրապուրիչ ծրագիրներու պատրաստութիւնը, մանուկներու յատուկ հաւաքներու կազմակերպումը եւ այլ գրաւիչ նախաձեռնութիւններ կրնան մեծապէս օգտակար հանդիսանալ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:

 

Դ.

Ընդհանուր ուղեգիծ մանուկներու դաստիարակութեան

 

Մանուկը մեզ ապագային բացող ու առաջնորդող մեր յոյսն է ու ապաւէնը: Եթէ կ’ուզենք պայծառացնել մեր եկեղեցին, հզօրացնել մեր հայրենիքը եւ երաշխաւորել մեր ազգի ապագան, պէտք է դառնանք մանուկին ու Քրիստոսի պատգամին հետեւելով բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայենք անոր՝ ընտանիքէն ներս, դպրոցէն ու եկեղեցիէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

 

Մանուկը չի կրնար ճիշդ ու ամբողջական կերպով արտայայտել իր սպասումները, մտահոգութիւնները, կարիքները, նախասիրութիւնները, իր ցաւն ու ուրախութիւնը: Հարկ է մօտենալ անոր եւ գործնապէս ցոյց տալ թէ ան շրջապատուած է զինք սիրող ու հոգացող անձերով: Հարկ է գտնել մանուկին հետ խօսելու, յարաբերելու ու գործակցելու ճի՜շդ կերպերը:

 

Մանուկին ապագայ կեանքին առջեւ ճամբայ բացողը իր ծնողքն է եւ ապա՝ դպրոցը ու եկեղեցին: Այդ ճամբու ընթացքին՝ մանուկը կարիքը ունի խնամքի, հարկ է խնամել զինք. մանուկը կարիքը ունի դաստիարակութեան, հարկ է դաստիարակել զինք. մանուկը կարիքը ունի պաշտպանութեան, հարկ է պաշտպանել զինք. մանուկը կարիքը ունի գուրգուրանքի, հարկ է գուրգուրալ անոր վրայ:

 

Բազմազան ու այլազան չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ՝

 

Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ զինք հեռու պահելով վնասաբեր միջավայրերէ, շռայլ կենցաղակերպերէ, շփացած վարուելակերպերէ, այլասերիչ յարաբերութիւններէ, տհաճ խօսակցութիւններէ ու քանդիչ բռնարարքներէ:

 

Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սիրոյ ու յարգանքի յարաբերութիւն ստեղծելով ծնողներուն նկատմամբ, ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ սեռին նկատմամբ, անծանօթին նկատմամբ ու կենսոլորտին նկատմամբ:

 

Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սէր ու նախանձախնդրութիւն յառաջացնելով մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ. մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին նկատմամբ. մեր համահայկական ձգտումներուն ու երազներուն նկատմամբ:

 

Ա՜յս մօտեցումով ու հեռանկարով միայն պիտի կարենանք մանուկին մէջ կերտել վաղուան՝

գիտակի՜ց մարդը.

ճշմարի՜տ քրիստոնեան.

յանձնառո՜ւ հայը:

Ե.

Եկէք միա՜սնաբար տէր կանգնինք հայ մանուկին

 

2011 տարին հռչակելով “Մանուկներու Տարի”, Մեր սպասումն է որ մանուկներու առնչուած յիշեալ մտածումները, մտահոգութիւններն ու սպասումները լուրջ ու համապարփակ քննարկումի նիւթ դառնան մեր կառոյցներուն ու ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով, բնականաբար հայ մանուկը տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ է: Արդ, մեր քննարկումներու ընթացքին հասարակաց մտահոգութիւններու ու մօտեցումներու կողքին, անհրաժեշտ է տարբերութիւնները մատնանշել եւ համապասխան մօտեցումներ ճշդել ու գործընթացներ որդեգրել՝ ի խնդիր հայ մանուկին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային առողջ կազմաւորման: 

 

Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր Առաջնորդ Սրբազաններուն ու Ազգային Իշխանութեանց, մեր ընտանիքներուն ու կրթական պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն, բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու մեր մանուկներուն նկատմամբ: Մեր հոգածու վերաբերումը հայ մանուկին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտուի մասնաւորաբար հետեւեալ միջոցներուն դիմելով.- 

 

Ա) Մեր մատնանշած մտահոգութիւններու լոյսին տակ, ծնողները պարտաւորութիւն պէտք է նկատեն առաջնահերթութիւն տալու իրենց զաւակներու ֆիզիքական աճման կողքին նաե՜ւ անոնց քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան՝ ընտանեկան յարկին տակ:

 

Բ) Մեր դպրոցները, յատկապէս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժիններուն մէջ, վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց ջամբած դաստիարակութիւնը՝  կրօնա-բարոյական ու հայեցի երեսներով, դիմելով այնպիսի միջոցներու ու մեթոտներու, որոնք ըլլան գրաւիչ մեր մանուկներուն համար:

 

Գ) Ծնողներ ու կրթական պատասխանատուներ հետեւողական ճիգ պէտք է թափեն որ մեր մանուկները արտաընտանեկան ու արտադասարանային ծրագիրներու բերեն իրենց հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի Կիրակնօրեայ վարժարանին:

 

Դ) Մեր Ազգային Առաջնորդարանները նոր մղում պէտք է տան թեմերէն ներս կատարուող քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ յատկապէս մանուկներու կապուած ծրագիրներու մշակման ծխային մակարդակի վրայ:

 

Ե) Վերջապէս, սրտագին կոչ կ’ուղղենք մեր բարերարներուն եւ ունեւոր ազգայիններուն իրենց լաւագոյնը ու գերագոյնը տալու հայ մանուկին՝

 

— մանուկներու յատուկ արդիական սարքաւորումներով օժտուած մանկամսուրներ եւ մանկապարտէզներ հաստատելով:

 

— մանկական գրականութիւն մշակելու ու հրատարակութիւններ կատարելու կոչուած հիմնադրամներ հաստատելով:

 

— հիւանդ, աղքատ ու որբացած մանուկներու յատուկ օգնութեան հիմնադրամներ հաստատելով:

 

Հայ մանուկը ազգին ու եկեղեցւոյ զաւակն է: Եկէք, միա՜սնաբար տէր դառնանք հայ մանուկին. սրբենք հայ մանուկին արցունքը, ամոքենք իր ցաւը, նուազեցնենք իր տառապանքը, եւ գործնապէս նպաստենք անոր ֆիզիքական թէ բարոյական, հոգեւոր թէ ազգային առողջ կազմաւորման ու դաստիարակութեան: Երբեք չմոռնանք Քրիստոսի պատուէրը՝ “Ով որ մանուկ մը իմ անունովս կ’ընդունի՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ” (Մատթ. 18.5):

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ Իր օրհնութեամբ խնամէ ու աճեցնէ մեր ազգին մանուկները:

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2011

Անթիլիաս, Լիբանան