18 June, 2018

50-ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք օրաթերթերուն տնօրէնները հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Անոնք միասնաբար զրուցեցին Կաթողիկոսին 50-ամեայ ծառայութեան մասին: Բնականաբար կարելի չէր զրոյցի սահմաններուն մէջ անդրադառնալ 50-ամեայ ծառայութեան ընթացքին իրագործուած բեղուն գործունէութեան բոլոր ուղղութիւններուն եւ մարզերուն: Առ այդ, զրոյցին առանցքը հանդիսացան ծառայութեան որպէս մեկնակէտ աստուածաշնչային ներշնչումի համար աւետարանական որոշ բնաբաններ, ապա` հոգեւոր, ազգային, քաղաքական գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ` երիտասարդութեան դերին հանդէպ բարոյական եւ գործնական աջակցութեան հետեւողական քայլերը:

 

Խօսելով 50-ամեայ ծառայութեան մասին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ, որ մեր հոգեւորական կեանքին եւ ծառայութեան աղբիւրը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչը, ուրկէ`«Կ՛ուզեմ կատարել քանի մը մէջբերումներ, որոնք, կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր հոգեւորականի կեանքին ու ծառայութեան ուղեցոյցը պէտք է դառնան: Յիսուս իր առաքելութեան սկսաւ իր ծննդավայրին` Նազարէթ քաղաքին մէջ, Հին կտակարանը բանալով` Եսայի մարգարէին խօսքերը կարդաց. «Տիրոջ հոգին վրաս է, որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու, թէ ահա հասած է ժամանակը, եւ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»: Ղուկաս 4:16-20-էն այս մէջբերումը Քրիստոսի առաքելութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ: Մատթէոս17:24-ը կ՛ըսէ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ»: Մատթէոս 20:28 «Մարդու որդին չեկաւ ուրիշներուն կողմէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ` ծառայելու եւ իր կեանքը շատերուն համար որպէս փրկագին տալու»:

 

Ծառայութիւն. պարզ բառ մըն է, սակայն կեանքի յստակ որակ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ: Ճշմարիտ հոգեւորականը ան է, որ իր կեանքին դիմաց կը տեսնէ Քրիստոսը` իբրեւ գերագոյն ծառայ», նշեց ան:

 

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ձեռնադրութեամբ ձեռնադրեալը նոր մարդ կը դառնայ, ձեռնադրութեան ընթացքին աղօթքի մը մէջ կ՛ըսուի. «Աստուած քու մէջէդ հին մարդը թող հանէ եւ նոր մարդը դնէ»: Ձեռնադրիչը նաեւ կ՛ըսէ. «Քու կեանքդ ու վարքագիծդ թող օրինակ դառնան ուրիշներուն»:

 

«50 տարիներու կեանքիս մէջ Աստուածաշունչէն եկող այս մտածումները առաւելագոյն չափով փորձեցի կեանքի վերածել: Բոլորս ալ մարդ ենք, թերացումներ ունինք, բայց պէտք է ձգտինք լաւագոյնին, կատարելագոյնին, կատարեալ չենք կրնար ըլլալ, սակայն Քրիստոսի կողմէ գծուած ճանապարհը հոգեւորականին ճանապարհը պէտք է ըլլայ», շեշտեց ան:

 

Վեհափառը ըսաւ. «50 տարի առաջ այս մտածումներով ու հրամայականներով անձիս եւ ժողովուրդին տուած խոստումներով սկսայ հոգեւոր ուխտագնացութեան: Ուխտագնացութիւն մըն է քրիստոնեայ մարդուն կեանքը, մանաւանդ` հոգեւորականին համար, եւ այդ ուխտագնացութիւնը ծառայութիւն է` Աստուծոյ, ժողովուրդին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին մեր գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն:

 

«50 տարիներու կեանքիս մէջ հետեւեալ ազգային դէպքերը իրենց կարեւոր նշանակութիւնը ունեցան, հետք մը ձգեցին, յիշեցումներ կատարեցին եւ իմ հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ծառայութեան մէջ կարեւոր դեր եւ տեղ ունեցան:

 

«Առաջին` 1965-ին Ցեղասպանութեան յիսնամեակը. Լիբանանէն սկսեալ հայ կեանքը Ցեղասպանութեան մթնոլորտով լեցուն էր. Շեշտը Ցեղասպանութենէն աւելի` վերածնունդն էր: Յիսնամեակը կարեւոր դեր ունեցաւ իմ կեանքիս մէջ: Երկրորդը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յիսնամեակը. ապա երբ Կաթողիկոս ընտրուեցայ 1995-ին, մթնոլորտը Արցախի ազատագրումն էր, Հայաստանի վերանկախացումը. ահաւասիկ այս երեք ամեակները 50 տարիներու հոգեւոր ուխտագնացութեան, ազգային ծառայութեան մէջ իրենց առանցքային դերը ունեցան:

 

«Յաճախ կը կրկնեմ, որ եկեղեցւոյ կոչումը, մեր պատմութիւնը, մեր պատմական փորձառութիւնը կը պարտադրեն մեզի, որ եկեղեցին միայն հոգեւոր ծառայութեամբ պէտք չէ ինքզինք իրագործէ, այլ նաեւ` ազգային, հետեւաբար` ես յաճախ մեր ծառայութիւնը կը բնորոշեմ` որպէս հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն: Այս երկու տարածքները պէտք է դառնան մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս հայ հոգեւորականին կեանքին իմաստը ու ճանապարհը:

 

«Փորձեմ 50 տարիներու ծառայութիւնս հանգրուաններու վերածել` ուսումնական, միջեկեղեցական, առաջնորդական եւ ական: Ես մինչեւ այսօր գիրքէն հեռու չեմ, մինչեւ այսօր կ՛ուսուցանեմ դպրեվանքին մէջ: Մեր ուսումնական կեանքը ո՛չ դասարանին մէջ պէտք է սկսի, ո՛չ ալ դասարանով պէտք է վերջանայ: Հետեւաբար ուսումնական կեանքը մինչեւ այսօր մնայուն ներկայութիւն եղած է իմ կեանքիս մէջ, նաեւ` միջեկեղեցական կեանքը: Մեկնելով այս իրողութենէն` ուրիշ մտածում մըն ալ կ՛ուզեմ ձեզի տալ. բնականաբար եկեղեցին եւ ինչ որ եկեղեցիին կը պատկանի միշտ եղած են իմ կեանքիս ու ծառայութեան առանցքը, կեդրոնը: Սակայն ես այս առանցքին շուրջ միշտ չեմ մնացած: Այդ առանցքէն մեկնելով եւ առանցքին անմիջականօրէն առնչուած կեանքի միւս երեսներն ալ մնայուն ներկայութիւն դարձած են իմ կեանքիս մէջ: Օրինակ` հայ դպրոցը, մշակոյթը, հայրենիքը, ազգային պահանջատիրութիւնը: Հայհոգեւորականը ծիսակատար չէ միայն, հայ հոգեւորականին կեանքինշրջագիծը եկեղեցին չէ միայն` նեղ հասկացողութեամբ, մեր եկեղեցինազգին եկեղեցին է, հետեւաբարեկեղեցիին կապուած այլբնագաւառներ կան. դպրոց, մշակոյթ, հայրենիք, ազգայինպահանջատիրութիւն` բոլորը անբաժանելի մասը կը կազմեն մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Այս բոլորը իմ կեանքիս մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած են: Եկեղեցին, ազգը, հայրենիքը մարդով կը շնչեն, կ՛իմաստաւորուին, եկեղեցիին, հայրենիքին իմաստ տուողը մարդն է, հետեւաբար մարդու պատրաստութիւնը մեր եկեղեցւոյ համար հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ազգային պահանջատիրութիւնը իմ ծառայութեանս կարեւոր դաշտերէն մէկը եղած է եւ կը մնայ: Հայրենիքի հզօրացումը ինծի համար ամէնօրեայ տագնապ է, մնայուն արժէք, գերագոյն ձգտում», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

 

Անդրադառնալով 50 տարուան ընթացքին իրականացած ծրագիրներու` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մենք աշխատանքային ծրագիր մը կ՛ունենանք եւ կը փորձենք այդ ծրագիրը իրագործել յարաբերաբար կարիքներու առաջնահերթութեամբ: Ես միշտ համակարգուած մտածող եւ աշխատող եղած եմ: Կրթական, շինարարական, մշակութային կարեւոր ծրագիրներ իրագործած ենք անցնող տարիներուն: Մենք առանձին չենք եւ առանձին պէտք չէ գործենք: Մեր շուրջը անձեր պիտի ունենանք եւ միասնաբար պիտի գործենք. հայ եկեղեցին երբեք մենատէր չէ եղած. ան կառավարուած է ժողովներով, միաբանութեամբ, եպիսկոպոսներով եւ ազգային ժողովներով: Հոգեւորականը անշուշտ նախաձեռնող եւ հետապնդող պիտի ըլլայ, որքան այդ հոգեւորականը շրջապատուած ըլլայ փորձառու, նուիրեալ անձերով, հոգեւորական թէ աշխարհական, այդքան իր աշխատանքները կը յաջողին: Ես Լիբանանի առաջնորդութիւնը ստանձնեցի ռմբակոծումներու տակ: Պուրճ Համուտը, Խալիլ Պատաուին, Հաճընը քանդուած էին 1978 հոկտեմբերին, ընդհանուր յուսահատութիւն մը կար ժողովուրդին կեանքին մէջ, եւ կամաց-կամաց փորձեցինք որոշ իրագործումներով մեր կեանքը փոխել: Ծրագիրները առնչուած պէտք է ըլլան տեղական պայմաններուն. Մտահոգութիւնները համապատասխան պէտք է ըլլան տուեալ ժամանակներու առաջնահերթութիւններուն: Որեւէ կառոյցի պարագային, ճիշդ չէ սկիզբէն ծրագիրներ ունենալ: Մեր ծրագիրները պէտք է համապատասխանեն մեր կեանքի իրականութիւններուն, պայմաններուն ու պահանջներուն:

 

«Պէտք է փորձել տարբերութիւն մը դնել քաղաքականին եւ ազգայինին միջեւ: Դժուար է: Անգլերէն գիրքիս մէջ ըսած եմ. «Եկեղեցին ապաքաղաքական չի կրնար ըլլալ, միւս կողմէ ալ եկեղեցին քաղաքական կառոյցներու, քաղաքական գաղափարախօսութիւններու, քաղաքական գործընթացներու հետ պէտք չէ նոյնանայ»: Այս երկուքին միջին ճամբան բռնելը շատ դժուար է: Մեր պարագային, ազգը եւ եկեղեցին այնքան նոյնացած են, որ մեր ազգային ժողովներուն, ուր նաեւ կրօնական, դաւանաբանական հարցեր քննարկուած են, ժողովուրդը կը մասնակցի:

 

«Բնականաբար Հայաստանի մէջ կացութիւնը տարբեր է, սփիւռքի մէջ` տարբեր: Եկեղեցին պէտք է փորձէ իր իւրայատկութիւնը պահել. Այդ իւրայատկութենէն պէտք է բխին` իր դերը, իր բարոյական հեղինակութիւնը եւ իր խօսքը: Տարբերութիւն պէտք է դրուի քաղաքականի եւ ազգայինի: Տեղ մը եկեղեցին կրնայ իշխանութեան հետ չըլլալ, բայց հայրենիքին հետ է, ազգին հետ է: Այսպէս եղած է մեր եկեղեցին», յայտնեց ան:

 

Խօսելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան մասին` Հայրապետը ըսաւ, որ սփիւռքը Հայաստանին հետեւողի, կրաւորական դերին մէջ չի կրնար ըլլալ: «Հայաստանակեդրոն մտածողութիւնը եւ գործունէութիւնը ճիշդ չեմ տեսներ. պէտք է մենք համահայկական մտածողութիւն մը մշակենք, եւ այդ մտածողութենէն պէտք է բխի համահայկական գործունէութիւնը: Սփիւռքը ի՞նչ կրնայ տալ եւ պէտք է տայ Հայաստանին, Հայաստանը ի՞նչ կրնայ տալ եւ պէտք է տայ սփիւռքին. սփիւռքը պէտք է մասնակցի Հայաստանի կերտման, հզօրացման աշխատանքներուն եւ այդ ծիրին մէջ` Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն: Հայաստանը պետութիւն է, սփիւռքը պետութիւն չէ, հետեւաբար դերերու յստակեցում պէտք է ըլլայ: Մենք համազգային օրակարգ մը պէտք է ճշդենք: Բնականաբար ազգային պահանջատիրութիւնը համազգային օրակարգ է, Հայաստանի հզօրացումը համազգային օրակարգի մաս կը կազմէ, նոյնպէս` Արցախի անկախութիւնը: Հայաստան-սփիւռք միասնաբար պէտք է համազգային օրակարգ մը ճշդեն: Սփիւռքը միայն բարեգործական աշխատանք կատարող գաղութներ չէ, այդ ծիրէն ներս պէտք չէ սահմանափակուի սփիւռքի դերակատարութիւնը: Սփիւռքը իր ներուժը պէտք է համախմբէ, ներդաշնակ գործակցութիւն մը պէտք է յառաջացնէ, սփիւռքը թէ՛ ներգաղութային, թէ՛ համագաղութային ու համասփիւռքեան մակարդակին վրայ եթէ յառաջիկայ տարիներուն չկարենայ գործնական քայլերու դիմել, ուժերու ջլատումը աւելի պիտի խորանայ: Մեր կառոյցները պէտք է պահենք, մեր տարբերութիւնները պէտք է պահենք, միաձեւութեան համաձայն չեմ, միատեսակութիւնը ճիշդ չէ, տարբերութիւնները պահենք, բայց մեր մտածողութեան եւ գործունէութեան մէջ ներդաշնակութիւն յառաջացնենք: Ներդաշնակութիւնը կու գայ, երբ մենք յստակ օրակարգ ունենանք: Բայց մենք չունինք օրակարգ: Հայաստանէն մեզի հետ կը գործակցին զանազան կամուրջներ հաստատելով մեր բոլոր կառոյցներուն հետ` կրթական, կուսակցական, մշակութային: Խորհրդային շրջանին այդպէս էր, հիմա այդպէս պէտք չէ ըլլայ, խորհրդային շրջանին ներքին լարուածութիւններ ու բեւեռացումներ կային գաղութներէն ներս: Թէեւ նուազած են անոնք հիմա, նոյնիսկ` անհետացած, սակայն անջատաբար մտածելու, ծրագրելու գործելաոճը կը շարունակուի: Պէտք է մեր կարելիութիւնները եւ ուժերը համախմբենք, այլապէս կը մասնատուինք: Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպուելու, ինքզինք վերակենսաւորելու իր ուժերը ու կարելիութիւնները համախմբելով: Միայն ապրիլ 24-ի առիթով, ամեակներու առիթով քով-քովի գալը շատ ձեւական է եւ մակերեսային: Այսօր մեր կեանքը ճակատագրական հանգրուանի մէջ կը գտնուի, նոր հորիզոններու պէտք է բացուինք, աշխարհը փոխուեցաւ: Մենք մարտահրաւէրներով եւ տագնապներով շրջապատուած ենք, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է անդրանցնի այն, ինչ որ եղածէ անցնող 25 տարիներուն», ըսաւ ան:

 

Խօսելով սփիւռքի մէջ գործող երեք կուսակցութիւններու կարեւորութեան մասին` Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց նաեւ, որ այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի մէջ կեդրոնական ներկայութիւն է` իր շուրջ ունենալով երեք կուսակցութիւնները: «Ես կը հաւատամ, որ երեք կուսակցութիւնները մեր կեանքին մէջ փորձառութիւն ունեցող ազգային կուսակցութիւններ են եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր կեանքին մէջ: Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները վերակազմաւորումի, վերաշնչաւորումի կարիքն ունին: Մենք այսօր տարբեր պայմաններու մէջ կը գտնուինք, մեր երիտասարդները կը հեռանան մեր կառոյցներէն: Երեք կուսակցութիւնները գործակցաբար սփիւռքի մէջ պէտք է վերահաստատեն իրենց առանցքային դերակատարութիւնը: Մեր քաղաքական ուժը, մտածողութիւնը սփիւռքի մէջ վերջին 100 տարիներու ընթացքին երեք կուսակցութիւններէն եկած է: Արդ, երեք կուսակցութիւններուն գործակցութիւնը ես կը նկատեմ կարեւոր: Ղեկավարը այն է, որ իր անձնական տեսակէտը ունենալով հանդերձ, ի սէր գերագոյն շահերուն կամ որոշ կացութեան պահպանման, քաջութիւնը կ՛ունենայ նահանջելու», շեշտեց Կաթողիկոսը:

 

Խօսելով երիտասարդութեան մասին` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը իմ կեանքիս, ծառայութեանս առաջնահերթ բնագաւառներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ. ընկերութիւն մը կը ծերանայ առանց երիտասարդութեան, նորարիւն, նոր կենսունակութիւն ներարկողը երիտասարդութիւնն է: Զանազան ձեւերով պէտք է շարունակենք երիտասարդները ներառել, մասնակից դարձնել մեր ազգի կեանքին մէջ: Սակայն պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Այսօրուան իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւն է բոլորին համար: Այսօր երիտասարդութեան հարիւրէն քսանհինգը եկեղեցիին կապուած է, հոգեւոր հակումներ ունի, հարիւրէն քսանհինգը կուսակցական, միութենական հակումներ ունի, իսկ մնացեալը մեր կեանքէն, մեր կառոյցներէն հեռու է: Հայկական ծագում ունեցողներուն թիւը սկսած է շատնալ: Պէտք է շարունակենք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան: Ինչպէ՞ս ընել, որ երիտասարդութիւնը մօտենայ մեր կառոյցներուն: Չսպասենք, որ երիտասարդները մեր ետեւէն գան, մենք իրենց ետեւէն պէտք է երթանք. այսօրուան լեզուն պիտի խօսինք: Ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ, զմռսուած կեդրոններու սկսած ենք վերածուիլ: Մեր կառոյցներու նեղացուցիչ շրջանակին մէջ մնացած ենք, պէտք է բացուինք: Համացանցը հեռաւորութիւնները մօտեցուցած է, տարբերութիւնները, պատերը քանդուած են, կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր ցանկապատ չկայ, ուր կարմիր գիծեր չկան. Այս կացութեան մէջ չենք կրնար կղզիացած մնալ, պէտք է բացուինք` մեր հիմնական արժէքները պահելով հանդերձ: Նորութիւնները եւ փոփոխութիւնները առաւելագոյն չափով պէտք է գործածենք», եզրափակեց Վեհափառը:

 

 

Լիբանանահայ օրաթերթերու տնօրէններուն հետ կայացած անմիջական զրոյցը յոբելենական առիթով էր, սակայն Վեհափառը զրոյցին ընթացքին մնայուն կերպով արծարծուած հարցերը տարածեց իր անձի գործունէութենէն դէպի հաւաքականը, միջեկեղեցականը, համազգայինը, համաերիտասարդականը:

 

Եւ յայտնաբար ժողովուրդին նկատմամբ ամբողջական ծառայութեան եւ նուիրումի յատկանիշն էր, որ ընդգծեց 50-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը Վեհափառ Հայրապետին:

Հանդիպում-զրոյցի արտագրումըկատարեց`

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ