ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս օրերուն, Գերմանիոյ մայրաքաղաք՝ Պերլինի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջազգային համագումար մը, նուիրուած ներկայ աշխարհի մէջ կրօնքի ունեցած դերին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր Գերմանիոյ պետութեան կողմէ, մասնակից դառնալու յիշեալ համագումարին:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Համագումարին կը մասնակցին Ատրպատականի թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Կաթողիկոսարանիս Միջ-Եկեղեցական եւ Միջ-Կրօնական յանձնախումբի ատենապետուհի` Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան: