18 February, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի մօտ Իրանեան դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներ։
 
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին ու Իրանի հայութեան առնչուած շարք մը հարցեր։