11 June, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աշխոյժ կերպով կը շարունակէ իր միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 10 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Մ. Ճալխին: Ընդհ. Քարտուղարը առաջին հերթին զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին շուրջ շաբաթ մը առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարին մասին: Սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ապա Ընդհ. Քարտուղարը Խորհուրդի շրջանային գրասենեակներուն (Նիկոսիա, Դամասկոս, Գահիրէ եւ Ամման) առնչուած կարգ մը հարցերուն շուրջ ուզեց ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը: Ընդհ. Քարտուղարը նաեւ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին Խորհուրդին նիւթապէս օժանդակող արեւմտեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն գնահատանքը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ շուրջ տասը օրեր առաջ տեղի ունեցած համդիպման նկատմամբ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունելով Խորհուրդին նոր նշանակուած Ընդհ. Քարտուղարին աշխոյժ գործունէութիւնը, թելադրեց զգուշաւորութեամբ ու զգայնութեամբ մօտենալ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու նկատմամբ, նկատի ունենալով շրջանի կացութիւնը ու շեշտեց կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

 

Երկուշաբթի 10 Յունիս 2013-ին, Ժընեւի մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) ատենապետութեամբ գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովը։

 

Ժողովականներ քննարկեցին քրիստոնէական ներկայութիւնը աշխարհի մէջ եւ քրիստոնէական վկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովներու արխիւի դասաւորումը, Եկեղեցական Ընտանիքներու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համաժողովին մասնակցութիւնը եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու յառաջիկայ ժողովին կազմակերպումը օրակարգի կէտերը։

 

Նարեկ Սրբազան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, Անկլիգան Եկեղեցւոյ եւ Լուտերական Եկեղեցւոյ քարտուղարներուն հետ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ անոնց ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն մասին խօսեցաւ։