24 March, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քրիստոնեայ-իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբին ատենապետ Էմիր Հարըս Շէհապը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։

 

       Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան առնչուած հարցեր ու մտահոգութիւններ։ Էմիր Շէհապը Նորին Սրբութեան յայտնեց, թէ կը մտածուի քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպել Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015-ին, Պըքերքէի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը համաձայն գտնուեցաւ նման հանդիպումի մը կայացման և իր տեսակէտները յայտնեց հոգեւոր պետերու կողմէ կատարուելիք յայտարարութեան շուրջ։