Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ

Արեւելեան թեմը հիմնուած է Նիւ Եորքի մէջ 1958-ին եւ դարձած գաղութին կրօնական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքը ծաղկեցնող հաստատութիւն։ Թեմը նաեւ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հայրենիքի մէջ՝ մանաւանդ 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկարաշարժէն, Սովետական միութեան անկումէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք։

Թեմը ունի իր առաջնորդ սրբազանը, որուն ընտրութիւնը չորս տարին անգամ մը տեղի կ՚ունենայ Երեսփոխանական ժողովին կողմէ, որ տարեկան դրութեամբ կը կատարէ իր ժողովները։ Առաջնորդը, Ազգային իշխանութիւնն ու Կրօնական ժողովները կը վերահսկեն Երեսփոխանական ժողովին կողմէ վաւերացուած ռազմավարութիւններն ու ցուցմունքները։ Ազգ. իշխանութիւնն ու Կրօնական ժողովը իրարմէ անջատ մարմիններ ըլլալով հանդերձ որպէս մէկ մարմին ժողովներ կը գումարեն առաջնորդ սրբազանին նախագահութեան ներքեւ։

Թեմին կազմաւորման սկզբնական շրջանին թեմը ունէր սակաւաթիւ եկեղեցիներ եւ կը հովուէր ամբողջ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հաւատացեալ մեր ժողովուրդը։ Եկեղեցւոյ անդամներու թիւի հետզհետէ աճով, յատկապէս Գալիֆորնիոյ մէջ, թեմը բաժնուեցաւ երկու մասի՝ Արեւելեան եւ Արեւեմտեան. Գանատան մնաց Արեւմտեան թեմին հովանիին տակ մինչեւ 2002 թուական, երբ որպէս անջատ թեմ հիմնուեցաւ Քանատայի թեմը։ Արեւելեան թեմը կ՚երկարի Արեւելեան ափէն մինչեւ Միսիսիփի։ Թեմին կեդրոնը կը համարուի Հիւսիս արեւելան բաժինը, ուր մեծ թիւվ հայեր կ՚ապրին Մեկալոբոլիս շրջանին մէջ (Նիւ Ինկլընտէն մինչեւ Գոլոմպիա)։