Կիպրոսի Հայոց Թեմ

Նիկոսիոյ մէջ հայոց թեմը հիմնուած է 973 թուականին Խաչիկ Ա. Կաթողիկոսի կողմէն եւ մինչեւ օրս կը գործէ։ Ի դէպ, Կիպրոսի թեմը Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիսութեան հնագոյն թեմն է, թէեւ պատմութեան ընթացքին յաճախ անցած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն հովանիին տակ (1759-1837 եւ 1848-1924 թուականներուն ընթացքին)։

Առաջնորդարանը, կառուցուած 1984 թուականին, կը գտնուի Նիկոսիա եւ իր գանձատան մէջ կը պահէ եկեղեցական մասունքներ, որ նախապէս ապաստան գտած էին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կամ Մակարավանքի մէջ, իսկ ներքնայարկը ունի «Վահրամ Ուտիճեան» սրահը՝ կառուցուած 1998-ին։

Յատկանշական են Կիպրոսի թեմի երեք հիմնական եկեղեցիները՝ Ս. Աստուածածինը Վանքը (Նիկոսիա, կառուցուած 1976-1981 թուականներուն), Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Լառնաքա, կառուցուած 1909-1913 թուականերուն) եւ Ս. Գէորգ եկեղեցին (Լիմասոլ, կառուցուած 1939-1940 թուականներուն)։ Թեմը ունի նաեւ իր մատուռները՝ Ս. Պօղոսը (կառուցուած 1892-ին), Ս. Յարութիւնը (կառուցուած 1938-ին), եւ Ս. Ամենափրկիչ մատուռը (կառուցուած 1995-1996 թուականներուն)։

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ կը մնան Ս. Կոյս Մարիամի գոթական վանքը (Նիկոսիա, կառուցուած 1308-1310 թուականներուն), Ս. Կոյս Մարիամի Գանչուոր եկեղեցին (Ֆամակուստա, կառուցուած 1346-ին), եւ հռչակաւոր Ս. Մակարայ վանքը (Հալեւկա, կառուցուած շուրջ 1000 թուականին)։

Կիպրահայ գաղութը ունի նաեւ իր հայկական վարժարանները, որոնք կը վայելեն առաջնորդարանին հովանին։ Հայկական վարժարանը Նիկոսիոյ մէջ գոյութիւն ունի 1870 թուականէն ի վեր, Լառնաքային մէջ՝ 1909-էն եւ Լիմասոլի մէջ՝ 1928-էն ի վեր։ 1972-էն ի վեր այս նախակրթարանները «Նարեկ» կը կոչուին՝ ի յիշատակ Գրիգոր Նարեկացիին։ Ներկայի կառոյցները շինուած են հետեւեալ կերպով, Նիկոսիա՝ 1971-1972, Լառնաքա՝ 1993-1995 եւ Լիմասոլ՝ 2006-2007, բոլորն ալ՝ եկեղեցիներու կից։

Մելքոնեան կրթական հաստատութեան փակումէն ետք, 2005-ին, վայրը վերածուած է «Նարեկ» երկրորդական վարժարանի։

2013 թուականին, Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի կից հիմնուած է «Նանօր» մանկամսուրը՝ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի շնորհիւ

Փոքրիկ գաղութ ըլլալով հանդերձ, Կիպրոսի տարածքին կը գտնուին մեծ թիւով յուշակոթողներ՝ Նիկոսիա, Լառնաքա, Լիմասոլ, Փաֆոս եւ Հելվեկա շրջաններու վրայ տարածուած. անոնց շարքին են Նիկիոսիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը, Մելքոնեան եղբայրներուն շիրիմ եւ Մխիթար Աբբահօր շիրիմը։

Գաղութը ունի իր ազգային գերեզմանատուները, որոնցմէ երեքը կը գտնուին Նիկոսիա. առաջինը կառուցուած է շուրջ 1810 թուականին եւ 1931-էն ի վեր անգործածելի է, երկրորդը՝ 1931-ին եւ երրորդը՝ 1998-ին։ Գերեզմանատուներ կան նաեւ Լառնաքա՝ 1923-էն ի վեր եւ Լիմասոլ՝ 1960-էն ի վեր։ Ֆամակուսդայի գերեզմանատունը, որ կառուցուած է 1967-ին, 1974-էն ի վեր կը մնայ գրաւեալ տարածքներուն սահմաններուն մէջ։