Լիբանանի Հայոց Թեմ

19-րդ դարուն, որպէս Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու կայան, Պէյրութի մէջ կը գործէր Ս. Նշանը եկեղեցին իր յարակից հոգետունով՝ պատասխանատու ունենալով Երուսաղէմի Պատրիարքութենէն միաբան մը. այլ խօսքով՝ նախքան Լիբանանի մէջ հայոց թեմի մը հաստատուիլը, հայերը ունէին հոգեւոր իջեւան մը։ Համաշխարհային առաջին պատերազմին, եկեղեցին թուրք կառավարութեան կողմէ կը գրաւուի ու կը քանդուի՝ ճամբան լայնցնելու պատճառաբանութեամբ, սակայն Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի օրով, Ֆրանսական բարձր գոմիսէրութենէն եկեղեցի կառուցելու արտօնութիւնը կ՚ապահովուի։

1924-ին ֆրանսական բարձր գոմիսէրութիւնը կը ճանչնայ Լիբանանի թեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ մտնելը։

1925-ին Սահակ Բ․ Կաթողիկոս Լիբանանի թեմին համար Առաջնորդական տեղապահ կը նշանակէ եւ Ազգային իշխանութեան ընտրութիւն կը հրահանգէ, եւ 1926-ին տեղի կ՛ունենայ Գաւառական ժողովին առաջին նիստը։

1929-ին Սահակ կաթողիկոս այս զարգացումները կը տեղեկագրէ Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Դուրեանին, որ դրական պատասխան կու տայ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ երուսաղիմապատկան եկեղեցիները, վանատուներն ու դպրոցները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին փոխանցելու գծով։

1938-ին Պէյրութի ազգայիններու նիւթաբարոյական ճիգերով նոր Ս. Նշան Մայր Եկեղեցին կը կառուցուի հին Ս. Նշան եկեղեցւոյ տեղ։

1951-ին թեմի կ՛ընտրէ իր առաջին առաջնորդը՝ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի լուսարարապետ եւ Դրան եպիսկոպոս Խորէն եպս. Բարոյեանը. մինչ այդ թեմի աշխատանքները կը վարէին Կաթողիկոսական փոխանորդներ եւ Առաջնորդական տեղապահեր։

1963-ին տեղի կ՛ունենայ առաջնորդարանի նոր շէնքին հիմնարկէքը` Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հարաւային բակին մէջ։

2010-ին առաջնորդարանի շէնք կը կառուցուի Պուրճ Համուտի մէջ։