Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմ

Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Ծոցի հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն կողմէ։ Կ՚ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, իսկ հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին։

Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք։ Անցեալին այդքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը, ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի անվտանգութիւն եւ հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայմաններ։

1977-ին Տուպայի Սուրբ Երրորդութիւն Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար կը հրաւիրուին հոգեւոր հովիւներ։

1979-ին Արաբական Ծոցը կը դառնայ Կաթողիկոսական փոխանորդութիւն։

1980-ին կը կազմուի Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազգային վարչութիւնները։ Անոնք հիմը կը դնեն Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն՝ վարձու դպրոցներու մէջ։ Անվճառ ուսուցիչներու հոգատար օժանդակութեամբ, թէեւ ոչ յարմարատեւ պայմաններու տակ, հոն կը դասաւանդուի հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօնի եւ երգ։

1980-ականներէն ետք հետզհետէ Էմիրութեանց հայութեան կազմակերպուածութիւնը, թուական աճը եւ աշխոյժ ազգային կեանքը պատճառ կը դառնան, որ 1992-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը Արաբական Ծոցի երկիրներու շրջանը յայտարարէ որպէս Թեմ։

1993-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքը կ՚ունենայ իր առաջին մնայուն հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեան։

Գաղութի մէջ բնակող ազգայիններ շարունակ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով՝ յարմարաւետ պայմաններ կը ստեղծեն օտար եկեղեցիներու ու դպրոցներու սրահներուն մէջ կանգուն պահելու համայնքին կեանքը։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը 1994-ին կը վերածուի թեմի։ Մինչեւ շրջանը թեմի վերածուիլը Վարչական կազմերը կը նշանակուէին Կաթողիկոսական փոխանորդին կողմէ։ Ներկաիյս Ազգային կեանքը կը ղեկավարուի թեմական կառոյցով, որուն կը նախագահէ Առաջնորդ սրբազան հայրը։ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ թեմական մարմինը, Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գաղութի գերագոյն եւ օրէնսդիր ժողովն է եւ կը բաղկանայ 16 անդամներէ՝ Առաջնորդ սրբազանը որպէս ժողովի գլխաւոր հովանաւոր, 2 հոգեւորականներ՝ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ եւ Շարժայի հոգեւոր հովիւ եւ 13 աշխարհականներ՝ 7 հոգի Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններէն, 3 հոգի Ապու Տապիէն եւ 3 հոգի Քաթարէն։ Երեսփոխաններուն պաշտօնավարութեան շրջանը 4 տարի է։ Նշենք որ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Երեսփոխանական ժողովի ընտրութեան կը մասնակցին 18 տարեկան եւ վեր տարիքի համայնքին բոլոր հայ անդամները՝ առանց դաւանանքի խտրութեան (Հայ Կաթոլիկ, Աւետարանական), ինչ որ յատուկ է միայն այս թեմին եւ եզակի երեւոյթ է ընդհանրապէս սփիւռքի ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։

Գաղութի գործադիր մարմինը Ազգային վարչութիւնն է, որ կ՚ընտրուի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ երկամեայ շրջանի մը համար։ Ազգային վարչութիւնը իր կարգին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար կը նշանակէ Թաղական խորհուրդ, դպրոցին հոգաբարձութիւն եւ ըստ կարիքի կը յառաջացնէ յանձնախումբեր։ Բոլոր յանձնախումբերը կը նշանակուին եւ համարատու են Ազգային Վարչութեան։

1997-ին Շարժայի մէջ կը սկսի եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շէնքի շինութեան աշխատանքները։ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ բնակչութեան ի պատիւ, գաղութի բարերար հովանաւորներու եւ եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբի եւ Կաթողիկոսական փոխանորդ արբազանին միասնական եւ տքնաջան աշխատանքներով, 1998-ին կը կատարուի օծումը Շարժայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, ապա բացումը կատարուեցաւ համալիրին, դպրոցին եւ հանդիսասրահին։

2013 թուականին Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի օրով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմը կը բաժնուի Քուէթի եւ շրջակայից թեմերէն եւ որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեան եւ Քաթարի հայոց թեմ կը շարունակէ իր եկեղեցական առաքելութիւնը։

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան միաձայնութեամբ կ՚ընտրուի թեմակալ առաջնորդ։

1980-էն մինչեւ 2020 Արաբական Ծոցի Առաջնորդի եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութեան պաշտօն վարած են հետեւեալ հոգեւորականները՝

  • Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան                1980-1998
  • Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան            1998-2000
  • Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան             2000-2002
  • Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան                  2002-2011
  • Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան                2011-2013
  • Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան       2013-մինչեւ օրս։