Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2023-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ապս, ընկերակցութեամբ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խըտըշեանի, Խորհուրդին աստուածաբանական բաժանմունքի պատասխանատու հայր դոկտ. Անթուան Ալ-Ահմարի եւ Յունուար 2024-ին կայանալիք երգչախմբային համերգի համադրող Մարք Մըրհըճի։
Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին յիսնամեակի տօնակատարութեանց առնչուած ծրագիրները եւ ունենալ անոր պատկերացումն ու օրհնութիւնը այդ ուղղութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը առաջարկեց Նորին Սրբութեան, որ Խորհուրդին 50-ամեակին առիթով, զանազան շրջաններէ Լիբանան ժամանող միջ-եկեղեցական օտար հիւրերու մասնակցութեամբ, համագումար մը կազմակերպուի՝ կեդրոն ունենալով Անթիլիասի Մայրավանքը, եւ Հայրապետը ըլլայ օրուան գլխաւոր դասախօսը։