20 December, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԷՄԻՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր յղեց Քուէյթի Էմիր Շէյխ Մըշաալ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապեր Ալ-Սապահին՝ Էմիր Շէյխ Նաուուաֆ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապեր Ալ-Սապահի մահուան տխուր առիթով։

 

Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս եւ Քուէյթի հայ համայնքին անունով յղած իր ցաւակցագիրին մէջ նշած է, թէ ողբացեալ Էմիրին բացակայութեամբ, Քուէյթը եւ արաբական աշխարհը կորսնցուցին իմաստուն իշխան մը, որ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան ջատագով էր:

 

Հայրապետը նամակին մէջ յիշած է հանգուցեալ Էմիրին՝ քուէյթահայութեան նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ հոգատարութիւնը. «այս առիթով կ՚ուզենք Մեր անկեղծ գնահատանքը յայտնել Քուէյթի հայ գաղութին նկատմամբ ողբացեալ Էմիրին ցուցաբերած սիրալիր հայրական հոգատարութեան եւ գաղութին՝ Քուէյթ երկրի բարիքները վայելելու նախանձախնդրութեան համար»։

 

Նամակի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելով Քուէյթի պետութեան եւ ժողովուրդին՝ մաղթեց, որ Ամենակալը պահպանէ Քուէյթը եւ ողբացեալ Էմիրին յիշատակը միշտ վառ մնայ։