Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինը, առաջնորդութեամբ մարմինի ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վերջինս Հայրապետին ուրախութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարիներուն կուսակցութեան կեանքէն ներս յառաջացած բաժանումները վերջ գտած են: Իր խօսքին մէջ ան յիշեցուց, որ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով շեշտած է կուսակցութեան ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Ահա, այսօր, կուսակցութիւնը միացեալ կազմով իր անդրանիկ այցելութիւնը կը կատարէ Ձեզի՝ ստանալու համար Ձեր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը, ըսաւ տոքթ. Տաքէսեանը։

 

Իր կարգին, Նորին Ս. Օծութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վերականգնումի աշխատանքները: Ան յիշեց, որ վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս Սփիւռքի կեանքին մէջ, կուսակցութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է հայ կեանքի զանազան մարզերէն ներս: Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Ռ.Ա.Կ.ը վերանորոգ նուիրումով շարունակէ իր ազգային ծառայութիւնը: Այս առիթով Հայրապետը նաեւ վեր առաւ մեր ազգի կեանքէն ներս համախմբումի հրամայականը, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ անորոշութեամբ ու յուսահատութեամբ լեցուն է մեր կեանքը, Հայաստանէն սկսեալ:

 

Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը: