27 November, 2020

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԻՆ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ԸՆԾԱՅՈՒԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հեղինակած “The Armenian Church” (Հայ Եկեղեցին) գիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի գերմանական հանրածանօթ Paulinus.Verlag հրատարակչատան կողմէ։

 

Յայտնենք, որ երկու տարի առաջ անգլերէն լեզուով գրուած Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ գիրքը հրատարակուած է ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով, իսկ յունարէնը՝ շուտով լոյս պիտի ընծայուի։