Շաբաթ, 22 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան առնչուած հարցերուն: Անոնք նաեւ խորհրդակցեցան, յառաջիկայ շաբաթ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք հայ մամուլին նուիրուած համազգային համագումարին մասին:
Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին անձամբ ներկայ պիտի գտնուի տիկին Աննա Յակոբեանը: