«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի մէջ

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող միջազգային համագումարի վերջին նիստին իր տուած դասախօսութեան ընթացքին, որպէս համագումարի եզրափակիչ խօսք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու վկայութեան առաւել հզօրացման հրամայականը, իսկ եկեղեցիներու պահպանումը շրջանէն ներս նկատեց համա-քրիստոնէական առաջնահերթութիւն։ Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Արեւելեան Պապական Համալսարանի (Pontifical Oriental Institute) կողմէ, համալսարանի 100-ամեակին առիթով, որուն ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ եղաւ արեւելքի եկեղեցիներու պատմութեան, մշակոյթին ու առաքելութեան։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրուած էր, որպէս համագումարի գլխաւոր դասախօսներէն մէկը, անդրադառնալու Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ապագային։

Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ պատմութիւնը շարունակուող ընթացք մըն է, հետեւաբար անցեալը, ներկան ու ապագան անհրաժեշտ է դիտել լայն շրջագիծի մէջ եւ նկատի ունենալ պատմութեան այս երեք տարածքներուն ներքին յարակցութիւնը։ Ան միաժամանակ յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը միշտ յատկանշուած է ներքին տագնապներով, բախումներով եւ պատերազմներով, որովհետեւ շրջանը եղած է երեք միաստուածեան կրօններու, տարբեր մշակոյթներու, ցեղերու, ազգութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու օրրանը։ Հետեւաբար, շրջանին պարզած ներկայ տագնապալից կացութիւնը անբնական երեւոյթ մը չէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա ան հակիրճ կերպով մատնանշեց շրջանի իւրայատուկ երեք երեւոյթներ՝ առաջին, միաստուածեան կրօններու երբեմն խաղաղ ու յաճախ ներքին բախումները՝ հակառակ անոնց ունեցած հասարակաց արժէքներուն ու աւանդութիւններուն. երկրորդ, կրօնի տիրապետող ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս ու նոյնիսկ նոյնացումը մշակոյթին ու քաղաքականութեան հետ, այնքան որ իսլամութեան ու հրէութեան պարագային ինքնութեան աղբիւրը կրօնն է եւ ոչ թէ ազգութիւնը. վերջապէս, յաճախակի առիթներով ու յատկապէս վերջին շրջանին արմատական ու ծայրայեղական շարժումներու ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս։

Այս խորքին վրայ դիտելով քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս, Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ մատնանշումները կատարեց, որպէս լուրջ մտահոգութիւններ.- ա) Միջին Արեւելքի ընկերութենէն ներս զանազանութիւնը յառաջացուցած է անջատում, հեռացում եւ նոյնսիկ բախում՝ փոխանակ դառնալու աղբիւր հարստացման ու զարգացման։ Քրիստոնեայ համայնքները փաստօրէն կղզիացած են դառնալով երկրորդ կարգի քաղաքացի ու անոնց զլացուած է լիիրաւ քաղաքացիի իրաւունքը եղող ամբողջական ազատութիւն ու մանաւանդ քաղաքական կեանքի գործօն մասնակցութիւն՝ մեկնելով կարգ մը երկիրներու սահմանադրութենէն ներս իսլամական սկզբունքներու տիրապետող ներկայութենէն։ բ) Իսլամութեան Սիւննի եւ Շիի համայնքներուն միջեւ շարունակուող լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան տագնապի լուծման բացակայութիւնը շրջանէն ներս յառաջացուցած է անապահովութիւն։ Այս բոլորին վրայ հարկ է նաեւ աւելցնել տնտեսական անարդարութիւնն ու փտածութիւնը։

Ընդհանուր գիծերով յիշելէ ետք վերոնշեալ երեւոյթները, Նորին Սրբութիւնը նաեւ պարզեց անոնց ունեցած ժխտական հետեւանքները քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ՝ յատկապէս անդրադառնալով վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցող քրիստոնեաներուն հոսքը դէպի արեւմտեան երկիրներ։

Հակառակ այս դառն իրականութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ քրիստոնեաները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի, անոնք եկուոր չեն, շրջանի պատմութեան մէջ արմատացած է իրենց գոյութիւնը եւ վճռած են կառչած մնալ Միջին Արեւելքին։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը իսլամներուն։ Ան ըսաւ, որ քրիստոնեաներ իսլամները կը համարեն դրացի, գործակից, համաքաղաքացի՝ նոյն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով նոյն ընկերութեան պատկանող։ Քրիստոնեաներ կարեւորութեամբ կը շեշտեն մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ իսլամական ուսուցումներուն եւ մարդկային իրաւանց միջեւ հակասութիւն գոյութիւն չունի, եւ շեշտեց որ քրիստոնեաներ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը հարկ է բերեն ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը հարցադրում կատարելով ըսաւ, ի՞նչ են քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Այս շրջագծէն ներս Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնէական միութեան, եկեղեցւոյ ներքին վերանորոգման եւ միջ-կրօնական գործակցութեան հրամայականը։

Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանի իսլամ ղեկավարները պէտք է կարեւորութեամբ անդրադառնան, որ քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս եղած է օրհնաբեր, որովհետեւ քրիստոնեաներ մեծ նպաստ բերած են շրջանի յառաջդիմութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ յատկապէս տնտեսական, մշակութային, ընկերային ու կրթական։ Հետեւաբար, քրիստոնէութեան զօրեղ ու կազմակերպ ներկայութիւնը ոչ մէկ կերպով վտանգ մըն է իսլամութեան, այլ կարեւոր նպաստ մը շրջանի զարգացման, նաեւ նկատի ունենալով քրիստոնէութեան դերը որպէս կամուրջ արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ։

Խօսելով միշտ քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան անհրաժեշտութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ արեւմտեան եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները կոչուած են վերանորոգ յանձնառութեամբ իրենց ներդրումը կատարելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ծառայութեան, յատկապէս կրթական, բարեսիրական, մշակութային, առողջապահական ու ընկերային մարզերէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- եթէ կ’ուզէք որ քրիստոնեաները կառչած մնան Միջին Արեւելքին, եթէ կ’ուզէք որ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդուի, եթէ կ’ուզէք որ քրիստոնէական վկայութիւնը աւելի աշխուժանայ, զօրավիգ կանգնեցէք քրիստոնեայ կառոյցներու հզօրացման, որոնք երբեմն նոյնիսկ պետական կառոյցներէն աւելի գործօն դեր կը կատարեն առանց խտրութեան։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ինք մարգարէ չէ մարգարէանալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքէն ներս. սակայն երբ կը փորձէ Աստուածաշունչի բացատրութեամբ ժամանակի նշանները կարդալ (Մտ 16:3), հետեւեալ շեշտաւորումները կ’ուզէ կատարել. ա) Քրիստոնէութեան հզօրացումը Միջին Արեւելքէն ներս, ինչպէս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, միայն կրնայ մեծապէս նպաստել շրջանի զարգացման եւ արեւելք-արեւմուտք յարաբերութեանց ծաղկման ու մարդկային իրաւունքներու առաւել տարածման։ բ) Միջին Արեւելքի ապագայի կերտումը պէտք է կատարուի շրջանի բոլոր պետութիւններուն, կրօններուն ու համայնքներուն ամբողջական մասնակցութեամբ՝ հիմնուած արդարութեան ու փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ։ Այս ուղղութեամբ երեք միաստուածեան կրօնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք։

Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը փակեց առաքեալին հետեւեալ բառերով՝ թէ «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5:5), ու աւելցուց թէ որպէս քրիստոնեաներ մենք կոչուած ենք յոյսը սիրոյ, նուիրումի ու ծառայութեան վերածելու մեր կեանքէն ներս։

Վեհափառ Հայրապետի դասախօսութեան ներկայ էին Վատիկանի Վարչապետ Կարտինալ Փարօլին, Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու եւ Միաբանութիւններու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրի, Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Լիբանանի, Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու դեսպանները։ Համագումարին ներկայ էին նաեւ ու իրենց խօսքը արտասանեցին առաջին ու երկրորդ օրերու ընթացքին Գերապայծառ Տ. Լեւոն Եպս. Զէքեան եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեան։