ՀԵՀՈՄԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նոր վարչութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նոր վարչութիւնը ու գնահատեց միութեան աշխատանքները, միաժամանակ շեշտելով ներկայ համալսարանական երիտասարդութեան սպասումներուն ու մտահոգութիւններուն համապատասխան նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքային նոր մեթոտներ որդեգրելու հրամայականը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին հաղորդ դարձաւ անոնց առաջարկներուն եւ մտահոգութիւններուն։
 
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական ու Լսատեսողական բաժանմունքները միասնաբար Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ու անմիջական հսկողութեամբ արդէն իսկ նախաձեռնած են համասփիւռքեան տարողութեամբ երիտասարդները համախմբելու աշխատանքին։ Օրին այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի փոխանցենք մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն։