Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու Դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ։ Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի դատի գործընթացն ու յառաջիկայ հանգրուանները՝ իրենց իրաւական ու պատմական երեսներով։
Յայտնենք, որ 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ժընեւի մէջ, խորհրդակցական ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի մասնակցին յանձնախումբի հայ թէ օտար բոլոր անդամները։