Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) հիմնուած է 1963-ին: ՀԵՀՈՄ-ին կ՛անդամակցին Լիբանանի համալսարաններու եւ այլ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու ուսանողներն ու շրջանաւարտները:2-jan-2009

ՀԵՀՈՄ-ի անդամական ընդհանուր ժողովը կ’ընտրէ 5 կամ 7 հոգիներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ կը կազմակերպէ միութեան գործունէութիւնը եւ կը մշակէ տարեկան ծրագիրները:

 

Համալսարանական ուսանողներ փորձառական շրջանի մը համար իբր օժանդակ անդամներ կը մասնակցին ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւններուն եւ ապա կը դառնան լիիրաւ անդամ: Անդամները իրենց գործունէութիւնը խորհրդանշող տարեկան անդամավճար կու տան:

21Յանձնախումբին կողքին, հոգեւոր խորհրդատու մը կը նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որ կը հսկէ եւ կը համադրէ միութեան գործունէութիւնը:

Հանդիպումներն ու ձեռնարկները տեղի կ’ունենան շաբաթական դրութեամբ եւ կ’ընդգրկեն դասախօսութիւններ, կլոր սեղաններ, համագումարներ, այցելութիւններ ու ընկերային հաւաքներ: ՀԵՀՈՄ-ի անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջ-եկեղեցական երիտասարդական գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին առընչուած ձեռնարկներուն:

 

 

Եռամսեայ դրութեամբ ՀԵՀՈՄ լոյս կ’ընծայէ «Տեղեկատու»ն, որ կը պարունակէ համառօտ յօդուածներ, զեկոյցներ եւ տեղեկագիրներ:

h3

Տեղական, շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ ՀԵՀՈՄ-ը սերտօրէն կը գործակցի կրօնական-երիտասարդական շարժումներու հետ:Միութիւնը կ’աշխատակցի Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (WSCF), Syndesmos-ի, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) երիտասարդական բաժանմունքներուն հետ:

 

 

 

 

Երիտասարդական